2011-04-23 11:10:19

Ապրիլ 24՝ 1915-ի Uարսափազդու Թուականը ...


Մէկ գիշերուայ մէջ, Օսմանեան Պետութեան՝ Իթթահատ եւ Թէրաքքիի ոստիկանները, ներքին գործոց նախարարութեան հրամանին վրայ՝ հաւաքեցին ու ձերբակալեցին ՜՜Պոլսահայ ժողովուրդի աւագանին, երեսփոխաններ, բժիշկներ, փաստաբաններ, ուսուցիչներ եւ լրագրողներ… 700 հոգի մօտաւորապէս, այն միակ ամբաստանութեամբ թէ անոնք հայեր էին , եւ նկատուած էին որպէս մտաւորական դասի անդամ ՝ հայկական հասարակութեան մէջ։՝՝
Որոշ ժամանակ մը ետք` ամէնքն ալ զանազան ձեւերով սպաննուեցան անգութ կերպով։
Մէկ ամիս ետք`կարգը եկաւ գաւառներու մէջ բնակող բոլոր հայերուն որոնք՝ կարաւան առ կարաւան քշուեցան նախ իրենց տուներէն հեռու, ապա դէպի անապատները, զանոնք եւս ոչնչացնելու համար։
Ամբողջ ազգ մը ՜՜բնաջնջելու հրամանը՝՝ ելած էր, եւ զինուորները զայն գործադրեցին անմիջապէս։
Կանխամտածուած ու ծրագրուած՝ այս ոճիրը ստոյգ է որ ՜՜Ցեղասպանութիւն՝՝ մըն էր, սակայն այդ շրջանին` նոյնիսկ իրենք, (տարագրուած հայերը) չանդրադարձան թէ ինչ կը կատարուէր։
Շատ աւելի ետքն է որ, երբ՝ քով քովի բերին բիւրաւոր հայ բեկորներու պատմութիւնները, անոնք՝ (այսինքն մենք` անոնց շառաւիղները) կրցանք հասկնալ իրականութիւնը՝ աներեւեկայելի իրականութիւնը, սարսափազդու այդ իրականութիւնը։
Եւ այսօր կան տակաւին անձեր, ընկերակցութիւններ, նոյնիսկ ազգեր որոնք կը տարակուսին թէ այս ահաւոր իրականութիւնը գոյութիւն ունեցած ըլլայ.
Ճիշդ է որ այնքան ահաւոր է զանգուածային այս ջարդը եւ անոր հասնելու համար օգտագործուած միջոցները, որ ոմանց հաւատալը չի գար եւ փաստեր կը փնտռեն, պատմական տուեալներ կը հետապնդեն, որպէսզի ապացուցուի այդ իրականութիւնը, 96 տարի ետք։
Արդէն բոլոր փաստերը տրուած են եւ կենդանի ապացոյցը այս բոլորին սփիւռքի մէջ ապրող ցիրուցան հայութիւնն է։
Այսօր ամէն սփիւռքահայի եթէ հարց տաք, գիտէ թէ ինք բնիկ ուրտեղացի է, թէ իր ընտանիքը ուրկէ եկած է, Մարաշէն, Մարտինէն, Կեսարիայէն, Մուշէն թէ Սեբաստիայէն, այսինքն Անատոլու-էն։
Այս պատմական Հայաստանի վայրերը տակաւին ներկայ են ամէնուն բերաններուն վրայ եւ սրտերուն մէջ, նոյնիսկ եթէ մեծամասնութիւնը աչքով չէ տեսած զանոնք։
Հայ ժողովուրդը չի կրնար մոռնալ այսքան չարիք. Մենք պարտական ենք ցմիշտ յիշել Մեծ Եղեռնը եւ անոր յիշատակը փոխանցել մեր յաջորդ սերունդներուն։ Որով եթէ մենք մոռնանք, աշխարհ ոչ իսկ հոգ կ՛ընէ անոնց յիշատակը պահելու։
Մենք պարտականութիւնն ունինք նաեւ պարտադրելու անոնց յիշատակը աշխարհի բոլոր ազգերուն։ Ոչ միայն անոնք պէտք է ճանչնան եւ ընդունին ցեղասպանութեան իրականութիւնը, այլ պարտին պատժել զայն մերժողները եւ՝
իրենց պատմութեան գրքերուն մէջ արձանագրել հայկական ցեղասպանութեան իրականութիւնը, որպէսզի իրենց զաւակներն ալ` փոքր տարիքէն, իմանան թէ ով են Հայերը եւ թէ ինչքան տառապած են պահելու համար իրենց ազգային եւ հոգեւոր արժէքները։
Յարգա՜նք մեր բիւրաւոր նահատակներուն, հաւատարմութիւ՜ն անոնց յիշատակին, եւ մանաւանդ` գիտակցութիւ՜ն անոնց հաղորդած պատգամի ուժին ու բարոյական պարտաւորութեան.
Արդ՝ ''Ամէն հայ որ կը պահէ ու կը պահպանէ իր հայութիւնն ու հաւատքը, կ՛իրագործէ իր նախնեաց արեան ու նահատակութեան պարտքը''։
Ապրիլեան Մեծ Եղեռնի Նահատակներու յիշատակին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանը (Պէյրութի մէջ) նախաձեռնեց ՜՜Հսկումի երեկոյ մը՝՝ (Շբ. 23 Ապրիլին)՝ Հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանի շրջափակէն ներս, մասնակցութեամբ՝ եկեղեցական ու քաղաքական անձնաւորութիւններուն.
Ինչպէս նաեւ՝ 25 Ապրիլին, Հոգեհանգստեան Ս. Պատարագ՝ հանդիսադրութեամբ՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ
Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս պատրիարքին. ու մասնակցութեամբ՝ հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններուն, վաժարաններուն, միութիւններուն, յանձնախումբերու եւ հաւատացեալներու. Ապա ՜՜Ապրիլեան փառատօն՝՝ Պէյրութի՝ Ս Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի բակին մէջ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.