2011-04-23 11:10:00

Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Հայրապետական Պատգամը Ս. Յարութեան Տօնին Առթիւ – 2011


Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան առիթով, ի ձայն ցնծութեան Ձեզի կը փոխանցենք մեր Հայրապետական պատգամը Արհիապատիւ Արքեպիսկոպոսնբեր, Եպիսկոպոսներ եւ Առաջնորդներ, պատուական հովիւներ, սարկաւագներ, առաքինազարդ կուսաններ, յարգարժան հաստատութիւններու եւ միութիւններու պատասխանատուներ եւ աշխարհի վրայ սփռուած բոլոր մեր բարեպաշտ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հաւատացեալներ։

«Դուք խաչուած Յիսո՞ւսը կը փնտռէք. հոս չէ, յարութիւն առաւ» (Մկ 16,6)
Այս խօսքերով, ձեզի կ՚աւետենք Յիսուսի Յարութիւնը, որպէսզի ոչ ոք կարենայ ձեզմէ խլել այն ուրախութիւնը, որ Յիսուսի հրաշափառ Յարութիւնը կը պարգեւէ ձեզի։ Այս մեծագոյն տօնին առիթով, Եկեղեցին մեզի կու տայ հետեւեալ ճաշու շարականը, որ հաւատացեալները Յինանց կիրակիներուն կ՚երգեն՝ Յարեաւ Քրիստոս ի մեռելոց. Եկա՛յք ժողովուրդ. երգեցէ՛ք Տեառն. ալէլուիա։ Այս շարականը մեզ կը հրաւիրէ զԱստուած փառաբանելու ամենամեծ հրաշքին համար՝ Յիսուսին յարութիւնը։
Մենք, հաւատաւորներս, Յիսուսի Յարութիւնը կը նկատենք նաեւ որպէս այժմէական դէպք։ Արդարեւ, Ամենակալն Աստուած ամէն ատեն, շնորհիւ Յիսուսի Յարութեան, սքանչելիքներ եւ հրաշքներ կը գործէ իր հաւատարիմ ծառաներուն միջոցաւ, որ Եկեղեցին Սուրբ եւ Երանելի կը կոչէ։ Այսպէս, գալ կիրակի օրը Մայիս 1-ին, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը երանելի պիտի հռչակէ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ը, որ հրաշքներ գործած է Աստուծոյ շնորհքով։ Ուրիշ շա՜տ սքանչելիքներ եւս տեղի կ՚ունենան աշխարհի վրայ։
Մարդուն համար մահը կը ներկայացնէ պատնէշ մը, որ կ՚արգիլէ իրեն անկէ անդին տեսնելու։ Հակառակ անոր, մեր ամբողջ էութեամբը կը ձգտինք ճանչնալու թէ ինչ կայ այս պատէնշէն անդին, բան մը որ կ՚արտայայտէ մեր տենչը յաւիտենականութեան մասին։
Շատ մը քրիստոնեաներուն հաւատքը յաւիտենական կեանքին մասին տարակոյսներով եւ երբեմն ալ շփոթութեամբ շրջապատուած է, որովհետեւ յաւիտենականութիւնը մեր հասկացողութենէն վեր իրականութիւն մըն է։ Ասոր համար, այս կէտին մէջ հաւատքը անհրաժեշտ է։ Ղազարոսի յարութեան առիթով, նոյն տարակոյսը կը գտնենք Ղազարոսին քրոջ՝ Մարթային մօտ, որուն Յիսուս կ՚ըսէ՝ «Եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ»։ Մարթա կը պատասխանէ. «Գիտեմ, որ յարութիւն պիտի առնէ վերջին օրը» (Յովհ. 11, 23-24)։ Յիսուս անոր կը պատասխանէ. «Ես եմ յարութիւն եւ կեանք, ով որ հաւատայ ինծի, նոյնիսկ եթէ մեռնի՝ պիտի ապրի» (Յովհ. 11, 25)։
Հոս է նորութիւնը որ Յիսուս բերաւ, եւ որ կարողութիւն ունի տապալելու ամէն պատնէշ եւ արգելք։ Քրիստոս կործանեց մահուան պատնէշը։
Կայ նաեւ ուրիշ տեսակ մահ, որ պատճառ եղաւ Յիսուսի խաչելութեան եւ մահուան։ Ան է հոգեւոր մահը, այսինքն մեղքը որ կը սպառնայ մարդուն երջանկութիւնը եւ նոյնիսկ գոյութիւնը։ Այս տեսակ մահը յաղթահարելու համար Յիսուս մեռաւ, բայց իր Յարութիւնը չեղաւ վերադարձ նախկին կեանքի ինչպէս Ղազարոսին համար, որ կրկին մեռաւ, այլ վերադարձ յաւիտենական կեանքի։ Յիսուս բացաւ նոր կեանքի ճամբայ մը, որ կը կապէ մարդը երկինքին հետ։ Առաքեալը կ՚ըսէ. «Եթէ ձեր մէջ կը բնակի Հոգին Անոր, որ Յիսուսը յարոյց մեռելներէն, նոյն Հոգին որ Յիսուս Քրիստոսին յարութիւն տուաւ, կեանք պիտի պարգեւէ ձեր մահկանացու մարմիններուն, ձեր մէջ բնակող Հոգիով» (Հռոմ. 8,11)։ Ուրեմն, մարդը կրնայ յաւիտենական կեանքը վայելել եւ երկինքի արժանանալ։
Յիսուս, իր յարութեամբ, մեզ ազատեց մեղքի գերութենէն եւ մեզի բացաւ աշխարհի վրայ նոր ճամբայ մը, որ կը տանի արդարութեան, սիրոյ եւ խաղաղութեան։ Այս ճանապարհը կը սկսի երբ մարդը նոր ծնունդ կ՚առնէ Սուրբ Հոգիէն։ Այսպէս, հին մարդը, այսինքն չար ոգին որ մեր մէջ կը բնակի եւ մեզ կը մղէ մեղք գործելու, իր տեղը կը ձգէ նոր մարդու, որ մեր հոգիին մէջ կը ծնի Մկրտութեան Խորհուրդով։ Կարելի է ուրեմն յառաջանալ նոր ճանապարհի վրայ, Յիսուսէն առած նոր ոգիով, Ս. Պօղոսի խօսքին համաձայն. «Մենք թաղուեցանք Քրիստոսի հետ մկրտութեամբ ..., որպէսզի ինչպէս Քրիստոս Յարութիւն առաւ մեռելներէն ..., մենք ալ ապրինք նոր կեանքով» (Հռոմ 6,5)։
Այս կարեւոր փոփոխութիւնը կը կազմէ սկզբնաւորութիւնը կատարեալ ազատագրութեան, որ կարող է վերանորոգել ամէն մարդ եւ ամբողջ մարդկութիւնը։ Այո՛, սիրելիներ, Քրիստոսի Յարութիւնը եւ ոչ թեքնիքը, իսկական փրկութիւնն է մարդկութեան համար։ Օրինակ ունինք Ճաբոնը, որ շատ յառաջացած երկիր մըն է թեքնիքին մէջ։ Ին՞չ եղաւ եւ ո՞ւր հասաւ իր թեքնիքով։
Եթէ Յիսուս իր արիւնը թափած չըլլար մեզի համար, մենք առանց յոյսի պիտի մնայինք, մեր կեանքը անիմաստ պիտի ըլլար, մեր եւ համայն աշխարհի ճակատագիրը անխուսափելիօրէն տխրութիւն, յուսահատութիւն եւ մահ պիտի ըլլար։ Բայց Յիսուսի Յարութիւնը հակադարձեց տուեալները։ Քրիստոսի Յարութիւնը նոր ստեղծագործութիւն մը եղաւ, դէպք մը որ յեղաշրջեց խորապէս մարդկային պատմութիւնը, ուղղելով զայն դէպի բարին, դէպի համերաշխութիւն եւ ներում։ Մենք ազատագրութեան ճամբու վրայ ենք եւ կրնանք փրկութեան հասնիլ։ Ասոր համար, համոզումով կրնանք փառաբանել զԱստուած եւ բացագանչել ըսելով՝ Եկայ՛ք ժողովուրդ. երգեցէ՛ք Տեառն. ալէլուիա։
«Շատ անգամ կը մտածենք, կ՚ըսէ Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետը, որ սրբութիւնը միայն կարգ մը ընտրանիներուն վերապահուած է։ Բնաւ երբեք։ Սրբութիւնը չի նշանակեր արտասովոր բաներ կատարել, այլ՝ Քրիստոսի հետ միացած ըլլալ, Յիսուսին ընթացքը որդեգրել։ Այս է քրիստոնեայ կեանքին գագաթնակէտը»։ Վատիկան Բ. Տիեզերական ժողովը հաստատեց, որ ամէն մարդ կոչուած է սրբութեան, առանց բացառութեան։ Սրբակեաց կեանքը կախում չունի միայն մեր անձնական ջանքերէն։ Ս. Հոգիին շնորհքը մեզ ներսէն կ՚ոգեւորէ եւ Յարուցեալ Քրիստոսին բուն կեանքն է որ մեզի կը փոխանցէ եւ որ մեզ կը բարեփոխէ։ Ուստի, Աստուածն է որ մեզ կը սրբացնէ։ Սրբութիւնը իր արմատները ունի Մկրտութեան մէջ՝ Ս. Յարութեան խորհուրդին միջոցաւ, ուր մեզի կը փոխանցուի Յիսուս Քրիստոսի կեանքն ու հոգին։
Այսուհանդերձ, Աստուած մեր ազատութիւնը միշտ յարգած է եւ կը յարգէ, եւ մեզմէ կը խնդրէ միմիայն որ թոյլ տանք Ս. Հոգիին, որ ուղղէ մեր կամքը Աստուծոյ կամքին համաձայն։ Բայց որպէսզի մեր դիտաւորութիւնները եւ մեր գործերը համաձայն ըլլան Աստուծոյ կամքին, ի՞նչ ընելու ենք։ Վատիկանեան ժողովը մեզի կու տայ յստակ ուղղութիւն մը, երբ կ՚ըսէ. «Սրբութիւնը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ լիովին ապրիլ եղբայրսիրութիւնը։ Եւ այս նպատակին հասնելու համար, պէտք է յաճախ լսել Աստուծոյ խօսքը եւ կատարել այն գործերը որ Աստուած մեզմէ կը սպասէ։ Պարտինք նաեւ յաճախ ընդունիլ Ս. Խորհուրդները, մանաւանդ Ս. Հաղորդութիւնը, ինչպէս նաեւ ժամանակ յատկացնել աղօթքին համար, մարզուիլ կատարելու քրիստոնեայ առաքինութիւնները։ Բոլոր սուրբերը որ կը ճանչնանք ու կը սիրենք եւ որոնց բարեխօսութիւնը կը խնդրենք՝ այս ճանապարհէն անցած են։
Սակայն չի բաւեր մկրտուած ըլլալը եւ դէպի փրկութիւն տանող ճամբան գիտնալը ու անոր հետեւիլը։ Ամէն քրիստոնեան կոչուած է նաեւ իր միջավայրէն ներս վկայելու իր նոր կեանքին մասին որ ստացած է, բոլորին հաղորդելով Ս. Յարութեան արդիւնքները։ Երկու հազար տարուայ ընթացքին, Եկեղեցին ճոխացուց մարդկային պատմութիւնը, մանաւանդ իր սուրբերովը։ Անոնք վերանորոգեցին ընտանիքները, ընկերութիւնները եւ մարդկային գաղափարականները։ Այս հարազատ քրիստոնեաներուն վկայութիւնը շարժառիթ դարձաւ բազմաթիւ անձերու կեանքի նոր ուղղութիւն տալու եւ շատերուն պատճառ եղան ուրախութեան, սփոփանքի եւ ամէն տեսակ օգնութեան, վերանորոգելով անոնց սիրտն ու խիղճը։ Այսօր աշխարհը մեզմէ նոյնը կը սպասէ։
Մենք ալ կրնանք հնչեցնել Յարուցեալ Յիսուսին խօսքը Առաքեալներուն ուղղուած. «Խաղաղութիւն ձեզի» (Յովհ. 20,21)։ Դեռ ո՜րքան խռովութիւններ կան աշխարհի վրայ, մանաւանդ արաբական երկիրներուն մէջ՝ պատերազմեր, մահեր, գաղթող ընտանիքներ եւ հարստահարուածներ։ Բոլոր ասոնք կը սպասեն որ մէկը իրենց խաղաղութիւնը բերէ եւ իրենց սիրտը հանգստացնէ։ Ս. Պօղոսին հետ կրնանք բոլորին ըսել. «Միշտ ուրախ եղէք Տիրոջ մէջ, դարձեալ կը կրկնեմ՝ ուրախ եղէք» (Փիլ. 4,4)։ Ճիշդ է որ կարելի չէ ուրախութիւնը յանձնարարել, բայց կարելի է զայն փոխանցել։
Սուրբ Յարութեան տօնը մեզ ցնծութեամբ կը լեցնէ, որովհետեւ գիտենք որ Յիսուս մեզ կը պահպանէ իր սիրով, Ան որ ըսաւ. «Ամէն իշխանութիւն տրուած է ինծի երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ» (Մտթ. 28,18)։ Երբ այս համոզումը ունինք, մանաւանդ այսօր՝ երբ բոլոր քրիստոնեաները միասին կը տօնեն Ս. Յարութիւնը, ապահով ենք որ մեր աղօթքը ընդունելի պիտի ըլլայ։
Թո՛ղ Յարուցեալ Յիսուսը պահէ ու պահպանէ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները, ի մասնաւորի հայ ժողովուրդը եւ յատուկէն քրիստոնեաները որոնք կը հալածուին իրենց հաւատքին համար։
Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, դիմե՛նք Աստուածամօր, որ արդէն կը վայելէ Յարութեան երջանկութիւնը, որպէսզի մեզմէ ամէն մէկուն օգնէ ըսելու համար հաւատքով. «Այո՛, Տէ՛ր, կը հաւատամ որ դուն ես Քրիստովը, Աստուծոյ Որդին» (Յովհ. 11,27), եւ իսկապէս խոստովանինք որ Յիսուս մեր միակ փրկութիւնն է. Ամէն։
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց – Օրհնեալ է Յարութիւն Քրիստոսի



…Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց








All the contents on this site are copyrighted ©.