2011-04-23 11:10:37

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը Մարդկութեան Դէմ Յանձագործութիւն Էր» Կ՛ըսէ Պարոնուհի Շրիլայ Ֆրետըր ։


Բրիտանիոյ խորհրդարանի բրիտանահայկական համակուսակցական խորհրդարանական խմբակի անդամ պարոնուհի Շրիլայ Ֆրետըր Հայաստանի խորհրդարանի շէնքին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն էր»:
Բրիտանահայկական երեսփոխանական խմբակը, որ խմբակի ղեկավար պարոնուհի Քարոլայն Քոքսի հետ եկած էր Հայաստան, այցելած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ինչպէս նաեւ Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր: Բրիտանացի երեսփոխանները շեշտեցին, որ իրենք ցնցուած են Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը վկայող ապացոյցերէն, զորս տեսած են Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ:
«Որպէս բրիտանահայկական խմբակի անդամ` ես բաւական մանրակրկիտ կերպով իրազեկ դարձայ Հայոց Ցեղասպանութեան, եւ ես գէշ զգացի, որ այդքան ապացոյցեր կան, սակայն մեր երկրին կառավարութիւնը տակաւին չի ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը», յայտարարեց Ֆրետըր:
Պարոնուհի Քարոլայն Քոքս իր կարգին անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին մէջ Թուրքիոյ մերժողական քաղաքականութեան յայտնեց, որ «Թուրքիոյ մերժողական քաղաքականութիւնը ինծի համար ցաւալի է: Շատ տխուր է, երբ երկրին ղեկավարութիւնը կ՛ապրի ճշմարտութիւնը ըսելու վախի մէջ: Լաւ բան չէ, երբ կը վախնան ճշմարտութիւնը ըսել», յայտարարեց Քարոլայն Քոքս` աւելցնելով, որ որեւէ Ցեղասպանութեան ժխտումը եւ անպատժելիութիւնը պատճառ կը դառնայ նոր ցեղասպանութիւններու:
«Ցեղասպանութեան վէրքերը պիտի չսպիանան, եթէ չընդունուի Ցեղասպանութիւնը: Ես որոշ ժամանակ առաջ Թուրքիա գտնուած եմ իբրեւ հիւանդապահ, եւ այնտեղի պաշտօնակիցները ինծի կ՛ըսէին, որ իրենք կ՛ուզեն, որ Թուրքիան ընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որովհետեւ իրենք չեն կրնար անընդհատ սուտի մէջ ապրիլ: Սակայն նաեւ դուք տեղեակ էք, թէ Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին խօսողները ի՛նչ սուղ գին կը վճարեն», նշեց պարոնուհի Քոքս` յիշեցնելով «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպաննութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.