2011-04-22 11:46:57

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին՝ Յիսուսի Վերջին Ընթրիքի Պատարագը


Աւագ Հինգշաբթի օրը, յետմիջօրէին՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Հռոմի Սուրբ Յովհաննու նուիրուած աթոռանիստ տաճարին մէջ գլխաւորեց Վերջին Ընթրիքի Պատարագը, որուն ընթացքին ոտնլուայի կարգը կատարեց, լուալով՝ թեմի 12 քահանաներուն ոտքերը։
Ընծայումին՝ Սրբազան Հօր յանձնուեցաւ պատարագին ընթացքին հաւաքուած դրամը, որ այս տարի պիտի յատկացուի Ճաբոնի երկրաշարժի աղէտեալներուն։
Պատարագին աւարտին՝ Ս. Հաղորդութիւնը աւագ Խորանէն փոխադրուեցաւ տաճարի մէկ մատուռը, կարելիութիւն տալու հաւատացեալներուն եւ ուխտաւորներուն պահ մը երկիրպագութիւն կատարելու Ամենասուրբ Հաղորդութեան։
Իր արտասանած քարոզին մէջ, Սրբազան Հայրը իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Ս. Հաղորդութեան նշանակութեան։
Վերջին ընթրիքով, ըսաւ Սրբազան Հայրը, Յիսուս հաստատեց Ս. Հաղորդութեան խորհուրդը։ Չորս աւետարանիչներէն գիտենք թէ այս վերջին ընթրիքին ընթացքին Յիսուս իր աշակերտներուն յայտնեց թէ մեծապէս կը սպասէր այս պահուն կատարելու համար մարդկութեան փրկչագործութիւնը եւ ինքզինք տալու իր աշակերտներուն հացի եւ գինիի տեսակներով։
Վերջին ընթրիքին ընթացքին, Յիսուս մասնաւորապէս աղօթեց։ Մատթէոս, Մարկոս եւ Ղուկաս աւետարանիչները երկու բառ կը գործածեն նկարագրելու Յիսուսի աղօթքը ընթրիքի պահուն` ''Գոհաբանութիւն'' եւ ''Օրհնութիւն''։
Ս. Հաղորդութեան հաստատումը ունի որպէս կէտնպատակ՝ նոր մարդը՝ նոր աշխարհը, որ կարող է միմիայն ծնանիլ Աստուծմէ՝ Միածին Որդիի ներգործութեամբ։
Ղուկասէն եւ մասնաւորապէս Յովհաննէսէն գիտենք, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, թէ Յիսուս Վերջին Ընթրիքին Հօր Աստուծմէ հայցեց` ''Առաքեալներու Միութիւնը''։ Արդարեւ դիտել տուաւ Սրբազան հայրը, Պօղոս առաքեալը Կորնթացիներուն ուղղած թուղթին մէջ դիտել կու տայ թէ՝ Յիսուսի աղօթքը եկեղեցւոյ միութեան համար անբաժան մէկ մասն է Ս. Հաղորդութեան խորհուրդին։
Առաքեալը կը գրէ ''Հացը որ մենք կը բեկանենք միթէ՞ Հաղորդութիւն մը չէ Քրիստոսի մարմնին հետ։ Ս. Հաղորդութիւնը, ընդգծեց Սրբազան Հայրը, միութեան խորհուրդ է։
Սրբազան Քահանայապետը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց հետեւեալ աղօթքով. ''Ո՜րքան փափաքեցայ ուտել այս Զատիկը ձեզի հետ'' Տէր, Դուն մեզ կը սիրես, Դուն կ'ուզես մասնակից դառնալ մեր կեանքին Ս. Հաղորդութեան միջոցաւ, կ'ուզես մեզ միացնել Քեզի, վառէ մեր սրտին մէջ իղձը Քեզի միանալու։ Զօրացուր մեզ միութեան մէջ` քեզի հետ ու մեր մէջ։ Եկեղեցւոյդ պարգեւէ միութիւնը, որպէսզի աշխարհը հաւատայ։ Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.