2011-04-22 12:29:21

Հայաստանի Մէջ Հայ Լրագրողներու 5-րդ Համաժողովի Գործադիր Մարմնի Նիստը։


Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ հայ լրագրողներու 5-րդ համաժողովի գործադիր մարմինի նիստը, որուն համացանցի միջոցով կը մասնակցէին նաեւ գործադիր մարմինի` սփիւռքի մէջ գտնուող անդամները: Նիստը կը վարէր Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան:
Հայաստանէն նիստին կը մասնակցէին գործադիր մարմինի անդամներ Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ Տիգրան Յարութիւնեան, Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան «Ազդակ»ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան տեղեկատուական-վերլուծական բաժինի պետ Նուէր Նալբանդեան:
Համացանցի միջոցով գործադիր մարմինի նիստին Միացեալ Նահանգներէն կը մասնակցէին «Արմինիըն Միրըր Սփեքթէյթըր» շաբաթաթերթի խմբագիր Յակոբ Վարդիվարեան, Ֆրանսայէն «Նոր Յառաջ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեան, Ռուսիոյ «Նոյեւ Քովչեք» ամսաթերթի գլխաւոր խմբագիր Գրիգոր Անիսոնեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.