2011-04-22 10:56:01

ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹ 22 Ապրիլ 2011


Այս օր կը յիշատակենք Քրիստոսի մահը Խաչին վրայ։
Աւագ շաբթուայ ամենատխուր օրն է։ Քրիստոնեաները, նման Քրիստոսի հետեւող խումբ մը կիներուն եւ Յովհաննէսի, իր նախասիրած աշակերտին, որոնք մինչեւ վերջը մնացին խաչին տակ եւ Յիսուսի մահուընէ ետք` զինք խաչէն վար իջեցուցին, կ՛անցնեն այս օրը ամփոփումով եւ աղօթքով, ինչպէս նաեւ պահքով եւ ծոմապահութեամբ։
Մեր Տէրը` Յիսուս-Քրիստոս, կը փակէ իր կեանքը այս աշխարհի վրայ. 33 տարիներու իր կարճատեւ կեանքը կը յանգի այս անարգ մահուան, խաչի մահուան, որով Հռովմայեցիները կը պատժէին մեծ յանցագործները եւ պետութեան դէմ դաւադրութիւն գործողները։ Ինչ որ անհասկնալի է, այն է թէ Հռովմայեցի կառավառիչը` Պիղատոս, որ կ՛որոշէ մահապատիժը, Յիսուսը անմեղ կը գտնէ եւ ձեռքերը կը լուայ, ինքզինք արդարացնելու համար անմեղի մը արիւնէն։
Յիսուս եկած է մարդոց փրկութեան համար. Ան կը մօտենայ խաչին ու չարչարանքին Աստուծոյ կամքը մինչեւ ծայր կատարելու համար։ Եւ ահա վերջապէս, սոսկալի ձաղկանքէ մը ետք, ուր արդէն իր արիւնը քամուած էր եւ կռնակի ոսկորները փշրուած, տաժանելի խաչակրութենէ մը ետք մինչեւ Գողգոթայ, որու ճամբու ընթացքին բազմիցս ինկած էր ու վնասուած, դահիճները կը հասնին վայրագութեան եւ անգթութեան գագաթնակէտին, գամերով հաստատելով իր ձեռքերն ու ոտքերը խաչափայտին, մինչ օրէնքը կը հրամայէր միայն չուանով կապել զանոնք խաչին։
Մեր եկեղեցիներուն մէջ` անշուշտ այս օրը Սուրբ Պատարագ չի մատուցուիր, ի յարգանս Քրիստոսի խաչելութեան ու մահուան։ Ընդհանրապէս, յետ միջօրէին, Երեկոյեան ժամերգութիւն կը կատարուի եւ անոր ընթացքին կը կարդացուին Եսայի մարգարէի բոլոր գրութիւնները որոնք կը վերաբերին Աստուծոյ խոնարհ ծառային, որ ինքզինք կը զոհէ մարդկութեան բարիքին ու փրկութեան համար։ Շարականի ընթացքին` կը հրաւիրուին հաւատացեալները երկրպագելու սուրբ Խաչին Եկայք հաւատացեալք երկրպագեսցուք. Ապա կ՛երգցուի Սուրբ Աստուածը, ծանր եղանակով` որովհետեւ Քրիստոս մեռած ըլլալով հանդերձ խաչին վրայ, կը մնայ Աստուած, հզօր եւ անմահ։ Ըստ հայկական աւանդութեան` Սուրբ Աստուածը երգուած է առաջին անգամուայ համար Յովսէփ Արիմաթացիէն։ Ան է որ Պիղատոսէն խնդրած էր իջեցնել Քրիստոսի մարմինը խաչէն եւ զայն թաղել ինքիրեն համար շինած գերեզմանին մէջ։
Ըստ աւանդութեան` Յովսէփ կ՛երգէ այս շարականը Քրիստոսի խաչէն իջեցման պահուն։ Հայ Եկեղեցին ունի նաեւ շատ անուշ տաղ մը կոչուած Ուր ես մայր իմ, զոր դպիրներէն մին կը մեներգէ նոյնպէս խաչելութենէն իջեցման պահուն։ Այս երգին մէջ` Յիսուս կը կանչէ իր մայրը, իր չարչարանքներուն մէջ։
Ապա` շատ մը Արեւելքի եկեղեցիներ սովորութիւն ունին խաչեալ Յիսուսի արձանը զարդարուած դագաղի մը մէջ զետեղելու եւ զայն թափօրով պտտցնելու եկեղեցւոյ կից թաղերուն մէջ։ Այս բարեպաշտ սովորութիւնը կը կիրարկուի մեծ շուքով եւ ժողովուրդը կը յուսայ շնորհքներ ընդունիլ, Քրիստոսի դագաղին տակէն անցնելով։
Կարելի չէ ուրանալ թէ Յիսուս-Քրիստոս, մեր Տէրը եւ Աստուածը հասած է ամենամեծ խոնարհեցումին։ Ան եղած է աւելի ցած քան ստորնագոյն մարդը. Նոյնիսկ իր հետ խաչուով 2 աւազակները նուազ չարչարանքի ենթարկուած են քան ինք։ Ահա այս խոնարհեցումի շնորհիւ է որ Հայրը զինք պիտի բարձրացնէ եւ դասէ գերիվեր բոլոր ստեղծագործութենէն, պարգեւելով իրեն նոյն փառքը որ ունէր աշխարհ գալէն առաջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.