2011-04-21 12:28:49

Հոգեհանգստեան Արարողութիւն Եւ Ծաղկեպսակներու Զետեղում՝ Այնթուրայի Դպրոցի Մէջ Գտնուող Հայ Որբերու Շիրիմին Վրայ-Լիբանան:


Կազմակերպութեամբ Պէյրութի Ազգային առաջնորդարանին ու մասնակցութեամբ՝ Հայ երեք յարանուանութիւններու նախակրթական, Միջնակարգ ու երկրորդական վարժարաններուն Ապրիլեան Նահատակաց 96-ամեակին առիթով , Այնթուրայի դպրոցի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, ինչպէս նաեւ ծաղկեպսակներու զետեղում` դպրոցին մէջ գտնուող հայ որբերու շիրիմներուն վրայ:
Այս առթիւ՝ տիար Միսաք Քելեշեան, որուն հետազօտութեամբ 2006 փետրուարին լոյս տեսած էր Այնթուրայի որբանոցին մասին յատուկ յաւելուած մը ուր յստակ կ՛ընդգծուէին Ցեղասպանութենէն վերապրածներու թրքացման պետական քաղաքականութեան իրականացման ծալքերը, մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Այնթուրայի դպրոցին մէջ բնակած որբերու կեանքին, անոնց կրած չարչարանքներուն եւ տառապանքներուն: Ան նկատել տուաւ, որ 1915-ին օսմանեան կառավարութիւնը բռնագրաւեց դպրոցը եւ զայն վերածեց թրքական որբանոցի մը, որ կ՛ապրէին 3-15 տարեկան հայ աշակերտներ, որոնք բռնի թրքացուեցան: Ան թուեց անունները նշանաւոր մարդոց, որոնք որբ մնացած են եւ Այնթուրայի որբանոցին մէջ ապրած: Քելեշեան մէջբերումներ կատարեց նաեւ որբանոցին մէջ ապրած Գառնիկ Բանեանի յուշերէն։
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան խօսք առնելով նկատել տուաւ, որ ամէն տարի 23 ապրիլին բոլոր վարժարաններու աշակերտները կը հաւաքուէին Անթիլիասի կաթողիկոսարան եւ Նահատակաց մատրան դիմաց ծաղիկներ կը զետեղէին, սակայն այս տարի անոնք Այնթուրա եկած են, որովհետեւ 1915-1918 տարիներուն հոս ապրած են 1000 հայ որբուկներ, որոնք հակառակ անոր որ զրկուած էին իրենց նահատակուած ծնողներէն, պարտաւորուած էին մոռնալ իրենց հայ ինքնութիւնը, այդ որբուկները չյանձնուեցան եւ պայքարեցան, որ իրենց անունը չփոխուի, իրենց հաւատքը չուրանալու եւ իրենց լեզուն չմոռնալու սիրոյն ամէնէն ծանր չարչարանքներուն ենթարկուեցան։ Առաջնորդ սրբազանը կոչ ուղղեց աշակերտներուն ուխտելու իրենց հայկական անունով հպարտ ըլլալու, հայոց լեզուով ուրախ եւ հպարտ ըլլալու եւ այդ լեզուին տէր կանգնելու: Սրբազանը հաստատեց, որ այն որբուկները, որոնք ազատեցան Այնթուրայի որբանոցէն, շատ աւելի հայ դուրս եկան եւ աշխատեցան, օգնեցին, որ սերունդները հայ մնան, ինչպէս Գառնիկ Բանեանը:
Այնուհետեւ որբերու շիրիմին եւ խաչքարին դիմաց կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ ետք իւրաքանչիւր վարժարան ծաղկեպսակ զետեղեց շիրիմին եւ խաչքարին վրայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.