2011-04-21 12:00:57

Ամերիկացի Երկու Երեսփոխաններ՝Ռապըրթ Տոլտ Եւ Ճիմ Քոսթա Ցեղասպանութեան Մասին Տեղեկութիւններ Կ՛ուզեն Տեսնել Պետական Կայքերու Վրայ։


Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ քոնկրեսականներ Ռապըրթ Տոլտ ու Ճիմ Քոսթա Ապրիլ 15 թուակիր նամակով մը դիմած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին, անկէ պահանջելով, որ արտաքին գործոց նախարարութեան համացանցային կայքին վրայ տեղադրուած Հայաստանի ու Թուրքիոյ պատմութեանց էջերուն վրայ տեղեկութիւններ զետեղուին նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւանքներուն մասին:
Քոնկրեսականները ցաւ կը յայտնեն, թէ ներկայիս այդ էջերուն վրայ անտեսուած է ջարդուած մէկ ու կէս միլիոն հայերուն պատմութիւնը, հակառակ այն իրողութեան, որ նախագահ Պարաք Օպամա միայն անցեալ տարի ունեցած իր մէկ ելոյթին ընթացքին յիշեցուցած էր, թէ այս իրադարձութիւնները տեղի ունեցած էին: Անոնք նման անտեսում մը Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ անոնց ժառանգորդներուն հասցէին «վիրաւորական» կը համարեն:
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց քոնկրեսականներուն սոյն նամակը, միաժամանակ յիշեցնելով, որ նախագահ Օպամա եւս պէտք է յստակօրէն հաստատէ Հայկական Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.