2011-04-20 13:58:27

Սուրբ Յարութեան Տօնի Առթիւ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի Նիւթաբարոյական Օժանդակութիւնները Սփիւռքահայ Հաստատութիւններուն ։


 Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան այցելեց ՔԱՀԼ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ յանձնելու համար նիւթական նուէր Ս. Յարութեան տօնին առիթով: Դեսպանին կ՛ընկերակցէր դեսպանութեան խորհրդական Կարէն Մաթեւոսեան: Հիւրընկալութեան արարողութեան ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, վեր. Ռոպեր Սարգիսեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, ՔԱՀԼ-ի տնօրէնութիւնը, խնամակալութիւնը, պատասխանատու բժիշկը, անձնակազմն ու պատսպարեալները:
Իսկ 11 ապրիլին, Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Աշոտ Մանուկեան եւ հիւպատոսութեան խորհրդական Հրազդան Թոքմաճեան, նոյն նպատակով յաջորդաբար այցելեցին Համազգայինի Հալէպի հայագիտական հիմնարկ եւ Հայ ծերանոց:
Գլխաւոր հիւպատոս Մանուկեան գոհունակութեամբ եւ ուրախութեամբ յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, գնահատելով Հայ ծերանոցի օրինակելի գործունէութիւնը, Ս. Յարութեան (Զատիկի) տօնին առիթով նիւթական պարգեւ կը տրամադրէ հաստատութեան` իբրեւ աջակցութիւն ու քաջալերանք: Հայ Ծերանոցի պատասխանատուները անհուն բերկրանքով ու յուզումով ընդունեցին նախագահի զատկական նուէրը եւ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին։







All the contents on this site are copyrighted ©.