2011-04-20 13:36:49

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Ցաւակցական Հեռագիրը Ի Լուր Կարտինալ Սալտարինիի Մահուան։


Իտալիոյ Թորինօ թեմի առաջնորդ՝ գերապայծառ Նոսիլիային ուղղած ցաւակցական հեռագիրին մէջ, Նորին Սրբութիւնը կը գրէ.՜՜ ցաւով իմացայ մահը կարտինալ Սալտարինիի որ երկար տարիներու տառապանքէ ետք, իր մահկանացու կեանքը կնքեց։ Իմ ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ Թորինօ թեմի,առաջնորդին հաւատացեալներուն ու ողբացեալի ընտանեկան պարագաներուն։
Կարտինալ Սալտարինի վեհանձնութեամբ իր կեանքը տուաւ Աւետարանի ծաւալումին ու եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։ Իտալիոյ եկեղեցին երախտագիտութեամբ կը յիշէ անոր առաքելութիւնը նախ Միլանօ թեմին մէջ եւ ապա Թորինօ՝՝։ Նորին Սրբութեան ցաւակցագիրին մէջ կը կարդանք. ՜՜ Իմ սրտագին աղօթքը կը բարձրացնեմ առ Աստուած, որպէսզի իր Արքայութեան մէջ ընդունի իր ծառան ու սրտանց իմ առաքելական օրհնութիւնը կու տամ բոլոր անոնց որոնք կ'ողբան կորուստը այս մեծ եկեղեցականին եւ մասնաւորապէս կ'օրհնեմ բոլոր անոնք որոնք անոր հիւանդութեան տարիներուն զինք սիրով խնամեցին՝՝։
Նշենք թէ կարտինալ Սալտարինիի մահով կարտինալական դասը՝ կը հաշուէ 199 կարտինալներ, որոնցմէ 115ը քահանայապետ ընտրելու իրաւասու ։ Իտալացի եպիսկոպոսներու թիւը ներկայիս 46 է։ Թորինոյի առաջնորդը գերապայծառ Նոսիլիան հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց. ՜՜կարտինալ Սալտարինի Թորինօ թեմի հաւատացեալներու համար պիտի մնայ անմոռանալի դէմք մը։ Ան եղաւ ճշմարիտ հովիւ մը մասնաւորապէս երիտասարդներուն եւ ընտանիքներուն։ Անոր յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի 20 ապրիլին եւ մարմինը պիտի թաղուի Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։ Կարտինալ Սալտարինի ծնած է Իտալիոյ Գոմօ քաղաքը 11 դեկտեմբեր 1924-ին։ 31 մայիս 1947ին կարտինալ Խուսդեր զինք կուսակրօն քահանայ ձեռնադրած է եւ
7 դեկտեմբեր 1984ին եպիսկոպոս օծուած է ձեռամբ կարտինալ Մարթինիի , իսկ 28 յունիս 1991-ին՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետը զինք կարտինալական պատւոյն բարձրացուցած է։
Եւ 19 յունիս 1999-ին ան իր հրաժարականը ներկայացուցած է, յառաջացած տարիքի բերումով։








All the contents on this site are copyrighted ©.