2011-04-20 13:50:01

Կարսի Յուշարձանի Քանդումը Քննադատած Թուրք Յայտնի Նկարիչ Պետրի Պայքամ Կը Դանակահարուի։


Թուրքիա-Հայաստան սահմանամերձ կէտի վրայ, Կարսի նախկին քաղաքապետ Նայիֆ Ալիպէյօղլուի առաջարկով քանդակագործ Մեհմետ Աքսոյի կողմէ շինուած հսկայ արձանը, որ «Մարդկութիւնը» եւ հայ-թրքական «բարեկամութիւնը» կը խորհրդանշէր եւ որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ «հրէշային» անուանուած էր, Կիրակի, Ապրիլ 17ին սկսաւ մասնատուելու՝ վարչապետին հրահանգով։
Քաղաքապետը ու քանդակագործը չկրցան արգելք հանդիսանալ հսկայ յուշարձանը քանդելու որոշումին։ Վարչապետը տգեղ ու անիմաստ գտած էր արձանը եւ պնդած, թէ ան վնաս կը պատճառէ շրջապատի միւս յուշարձաններուն։
Կարսի յուշարձանը մասնատելու որոշումին դէմ Ապրիլ 23ին բողոքի ցոյց կազմակերպելու նպատակով, թուրք յայտնի նկարիչ Պետրի Պայքամ իր ընկերներուն հետ Պոլսոյ մէջ հրաւիրած էր ժողով մը, որմէ դուրս գալու ընթացքին, նկարիչն ու անոր օգնականը դանակահարուած են անծանօթի մը կողմէ:
Նկարիչը քննադատած էր Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանը, արուեստի գործը «հրէշային» անուանելուն եւ զայն քանդելու որոշումին պատճառ դառնալուն համար:







All the contents on this site are copyrighted ©.