2011-04-20 12:34:38

ԺԶ Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


՜՜Զատկական Խորհուրդը` Քրիստոսի Չարչարանքը, Խաչելութիւնը, Մահը Եւ Փառաւորեալ Յարութիւնը՝՝ Նիւթին Մասին ։
Չորեքշաբթի 20 ապրիլ 2011, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն, խմբուած՝ Ս. Պետրոսի հրապարակը։
Նորին Սրբութիւնը, այսօրուայ իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց ՜՜Զատկական խորհուրդին վրայ խօսելով յատկապէս ՜՜Քրիստոսի չարչարանքը, խաչելութիւնը, մահը եւ փառաւորեալ Յարութիւնը՝՝ նիւթին մասին ։
Սիրեցեալ Եղբայրներ ու քոյրեր,
Վաղը՝ Աւագ Հինգշաբթի օրը, կը մտնենք զատկական եռօրեայի մէջ` ուր եկեղեցին կը յիշատակէ Յիսուսի Չարչարանքը, Մահը եւ Յարութիւնը։
Աւագ Հինգշաբթի օրը, թեմի հաւատացեալները, համախմբուած՝ իրենց եպիսկոպոսին շուրջ, կը մասնակցին Ս. Իւղերու` ՜՜Միւռոնի՝՝ պատարագին ։ Այս ծիսակատարութեան ընթացքին, կ'օրհնուին իւղերը, որոնք պիտի ծառայեն խորհուրդներու մատակարարման` փրկութեան նշաններ եկած՝ զատկական Խորհուրդէն։
Նոյնպէս քահանաները կը վերանորոգեն քահանայական իրենց խոստումները։ Երեկոյեան` կը յիշատակեն Յիսուսի ՜՜Վերջին Ընթրիքը՝՝. որուն աւարտին Յիսուս հաստատեց Ս. Հաղորդութեան Խորհուրդը` Զատկական Յիշատակը եւ անով առաքեալները հաստատեց ՜՜պաշտօնեաններ այս Խորհուրդին՝՝։
Աւագ Ուրբաթ օրը՝ կը ոգեկոչենք յիշատակը Յիսուսի որ համակերպեցաւ մեռնիլ խաչին վրայ, տալու՝ սիրոյ գերագոյն նշանը, որպէս ապացոյց Հօր Աստուծոյ անհուն սիրոյն մարդոց հանդէպ։ Այս ներգործութեամբ՝ մեզի ցոյց կը տրուի Ամենասուրբ Երրորդութեան կատարեալ հաղորդակցութիւնը ընդմէջ Հօր Աստուծոյ կամքին եւ Միածին Որդիին։
Աւագ Շաբաթ օրը՝ կը յիշատակենք զատկական հսկումը` ճրագալոյցը, կեդրոնը ծիսական տարւոյն, ուր կը հռչակենք Քրիստոսի Յարութիւնն ու անոր վերջնական յաղթանակը մահուան վրայ։
Մեր մկրտութիւնը վերակոչելով, մենք կանչուած ենք Քրիստոսի մէջ ըլլալու նոր արարածներ։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը . Յիսուս իր երկրաւոր բոլոր կեանքին ընթացքին, ունեցաւ որպէս կամք` սիրել զԱստուած ու մնալ Անոր հաւատարիմ։
Այս աւագ Շաբաթուան ընթացքին , ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ. եզրափակելով իր խորհրդածութիւնը, առաջադրենք ապրիլ Հօր Աստուծոյ կամքին համաձայն ու Տիարամօր օգնութեամբ, եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը՝ Սրբազան Հայրը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները եւ հրաւիրեց զանոնք Զատկական այս եռօրեային ամփոփուիլ ու աղօթել ու նաեւ մօտենալ ապաշխարութեան խորհուրդին, լաւագոյնս ապրելու՝ Քրիստոսի Յարութեան տօնը։
Ձեզի ամէնուդ կու տամ իմ օրհնութիւնը ըսաւ Նորին Սրբութիւնը. հուսկ հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն հրաւիրելով զանոնք որ լաւագոյն կերպով ապրին Զատկական եռօրեան, որ կեդրոնը կը հանդիսանայ մեր փրկութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.