2011-04-19 14:50:08

Ռատիովատիկանի Ընդհանուր Տնօրէն Յիսուսեան Հայր ֆետերիգօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը


Վատիկանի Ռատիոկայանի Տնօրէն Հայր ֆետերիքօ Լոպմպարտին այս շաբթուայ իր խմբագրականին մէջ կը խօսի ՜՜Youcat՝՝ի ՝ Երիտասարդներու Կրօնագիրքի մասին։
Քրիտոնէական կրօնագիրք մը - կը գրէ Լոմպարտին - այսինքն եկեղեցւոյ ուսուցումի համադրութիւն` գրուած երիտասարդներու համար, ու կրնանք հաստատել, գրուած երիտասարդներու հետ միասին։ Ասիկա հրաշքի համազօր է,ըսած է Կարտինալ Քրիստոֆ Շօուէնպէրնը, ներկայացնելով “Youcat” դեղին կազմով գրքոյկը որ Մատրիտի Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան մասնակցող երիտասարդները իբր նուէր պիտի ստանան։
Ասկէ առաջ ուրիշ հրաշք մը հանդիսացած էր նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականը` որ հրատարակուած էր Յովհաննէս Պողօս Բ.ի օրով` Կարտինալ Րաթցինկէրի հսկողութեան տակ։ Հազուաթիւ էին անոնք որոնք կը հաւատային թէ այս հատուածը պիտի կարենար բոլորէն ընդունուիլ որպէս մեր հաւատքի միասնական բանաձեւ մը, այժմէական ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր մտայնութիւնը, լեզուները ու մշակոյթը արագ յեղաշրջումի կ՝ենթարկուին։
Պատմութեան տառապեալ ճանապարհի Հաւատքի միութեան հրաշքն է։ Հրաշք մը որ մեզ կ՛արաջնորդէ դէպի Քրիստոս` հակառակ այն բոլոր ուժերուն որ մեզ կ՛ուզեն ցրուել Բաբելոնական աշխարհի մը մէջ։
Այս հաւատքը սակայն պէտք է արտայայտուի երիտասարդներու մտքին ու սրտին խօսող լեզուով եւ ներկայացուի իրենց ամէնօրեայ հարցումներու իբր պատասխան։ Ապա թէ ոչ ան, երիտասարդը աստիճանաբար կը հեռանայ կեանքի իմաստէն։ Առ այդ հարկ է որ Քրիտոնէականը սորվինք երիտասարդներու հետ միասին, հասարակութեան մէջ, զայն ըմբռնելու ու իւրացնելու ՝ որպէսզի կարելի ըլլայ զայն փոխանցել մեր բարեկամ բարեկամուհիներուն որոնք իրենց կարգին ունին հարցումներ ու կը սպասեն պատասխաններուն։
Այս հաւատքի գիրքը պէտք է թարգմանուի որպէսզի Յիսուս Քրիստոս այսօր եւս խօսի երիտասարդներուն` բոլոր երիտասարդներուն ոեւէ ազգի կամ երկրի պատկանող որ չ։ունին միայն միեւնոյն ճաշակը զգեստի եւ երաժշտութեան վերաբերեալ այլ նաեւ կը գտնուին նոյն հարցադրումներու առջեւ։
Հրաշալի իրողութիւն։ Յանդուգն ձեռնարկ։ Եուքաթը թէեւ կատարեալ չէ բայց մեր ձեռքին մէջ հրաշք մըն է որ պէտք ենք բարելաւել եւ զայն մշակել ու աճեցնել նոր սերունդի աճումին հետ հաւատքի միութեան սիրով որ երիտասարդներու խորին իղձերու եւ յոյսի իբր պատասխան։
Բարի ճանապարհ Եուքաթ երիտասարդներուն ցոյց տալու երջանկութեան ճանապարհը։








All the contents on this site are copyrighted ©.