2011-04-19 15:07:51

Պատմական Ակնարկ Մը Կաթողիկէ Եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցիներու Հովուապետերու Միջեւ Հանդիպումներու Մասին։


Աւետարանական հոգիով, ոչ թէ միայն իբրեւ Եկեղեցապետներ այլ նաեւ՝ յատկապէս իբրեւ հոգեւոր անձեր տոգորուած աւետարանական “մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի” եւ Պօղոս առաքեալի սա խօսքէն, ՛՛ Քրիստոսի սէրը կը ստիպէ մեզ՛՛ որ 1970 թուականներէն ասդին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Կաթողիկոսները կատարեցին Հովուապետական նշանակալից եւ անկիւնադարձային այցելութիւններ զանազան Եկեղեցիներու հետ եւ յատկապէս Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ քահանայապետներուն հետ, Հռոմի մէջ: Այս տեսլականէն ներշնչուած,1970-ի Մայիս ամիսին Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կը սկզբնաւորէր պաշտօնապէս աւետարանական ու համամիութենական հոգիով եկեղեցական այցելութիւններու այս ընթացքը, հանդիպում ունենալով Պօղոս Զ. Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին. եւ 1996-ին, Գարեգին Ա. իր կարգին եղբայրական այցելութիւն կու տար Յովհաննէս Պօղոս Բ. ալեհեր Քահանայապետին։ 1997-ի Յունուար ամիսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ նորընտիր Կաթողիկոսը Արամ Ա. նոյնպէս կը կատարէր Հովուապետական իր պաշտօնական այցելութիւնը Հռոմ, եկեղեցական շքախումբով եւ աշխարհականներէ կազմուած պատուիրակութեամբ մը, հանդիպում ունենալու Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետին հետ, եւ 2008-ի Նոյեմբեր ամիսին կը հանդիպէր այս անգամ Բենետիկտոս ԺԶ. Քահանայապետին, վերահաստատելով Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայութիւնը քրիստոնէական Եկեղեցւոյ առաքելական կառոյցներէն ներս թէ՛ իբրեւ Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ թէ՛ իբրեւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ընդհանուր Նախագահ:
2ՕՕՕ-ի Նոյեմբեր ամսոյն, այս անգամ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս. Գարեգին Բ. իր ընտրութենէն (Հոկտ. 1999) տարի մը ետք, եկեղեցական մեծ շուքով կու գայ Հռոմ: Այս առիթով իբրեւ խորհրդանիշ նոյն հանդիպումի եկեղեցադրոշմ հանգամանքին, Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետը կը յանձնէր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի սրբազան մասունքները: Սիրոյ փոխադարձ այս ջերմ յարաբերութիւնները կը մղեն Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետը որ իր կարգին այցելելու Հայաստան, 25 Սեպտեմբեր 2001-ին, եւ հանդիպում ունենալու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան 132րդ գահակալին՝ Գարեգին Բ.-ի հետ։ Նոյն սրբալոյս Քահանայապետը ընդառաջելով Կաթողիկէ Հայոց Գերերջանիկ Հոգեւոր Տիրոջ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, մեծ գոհունակութեամբ ընդունեց, որ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի արձանը գրաւէ իր պատուարժան վայրը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մայր Աթոռ Սուրբ Պետրոս Առաքեալի եկեղեցւոյ կողքին, իբրեւ յայտնի ապացոյց հայոց ուղղափառ հաւատքին եւ յարգանքի նշան՝ հայոց Եկեղեցւոյ մեծ Հայրապետին հանդէպ: 2008-ի Մայիսին անխոնջ ու հեռատես Ամենայն Հայոց Հայրապետը Գարեգին Բ. դարձեալ կու գար Հռոմ հանդիպելու համար այս անգամ Բենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին, որ 19 Ապրիլ 2005-ին կ՛ընտրուէր Քահանայապետ ( 265-րդ) Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, յաջորդելով Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետին: Շնորհաւորական արտայայտութիւններէն անդին, Ամենայն Հայոց Հայրապետը հանդիպելով նորընտիր Քահանայապետին կը վերանորոգէր հայոց Եկեղեցւոյ սիրոյ եւ եղբայրութեան կապերը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հետ։ Անտարակոյս, եկեղեցական հանգամանք վայելող այս այցելութիւններն ու հանդիպումները կը բովանդակեն նաեւ իրենց բնութեան յատուկ նպատակէտ մը ցանկացուած տեսանելի ՛՛Միութիւնն՛՛ է եկեղեցիներու որ, այսօր յատկապէս յետ Վատիկան Բ. Տիեզերական Ժողովին, կը բացատրուի առաւելապէս իբրեւ ամբողջական ու կատարեալ Հաղորդութիւն եկեղեցիներու միջեւ:








All the contents on this site are copyrighted ©.