2011-04-19 15:08:08

Հիւսիսային Քորէայի Մէջ Աւելի Քան 50 Հազար Քրիստոնեայ Հաւատացեալներ Կալանուած Են Իրենց Հաւատքին Համար։


Օբէն Տուրս` ոչ կառավարական կազմակերպութիւնը իր 2011-ի տեղեկագիրին մէջ կը յայտնէ թէ հիւսիսային Քորէան խիղճի եւ կրօնքի ազատութեան հարցին մէջ կը գրաւէ աշխարհի վերջին տեղը։ Անոր գնահատումով աւելի քան 50 հազար հաւատացեալներ կալանուած են իրենց կրօնական համոզումին համար։ Ըստ Հիւսիսային Քորէայի ականատես վկաներուն, վարչակարգը հակակրօնական ուժեղ քարոզչութիւն կը կատարէ, կրօնական գործողութիւնները կ'արգիլէ եւ կը բանտարկէ բոլոր անոնք որոնք հրապարակաւ կը հռչակեն իրենց քրիստոնէական հաւատքը։ Նշենք թէ հիւսիսային Քորէայի մէջ կան շուրջ 400 հազար քրիստոնեաներ, որոնք կը ներկայացնեն երկրին 2 տոկոսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.