2011-04-18 12:18:23

Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Երէկ Կիրակի 17 Ապրիլին ( 2011) Ծաղկազարդի Սուրբ Տօնին Առթիւ,Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 9.30ին Սուրբ Պետրոս Հրապարակին վրայ օրհնեց արմաւենիի եւ ձիթենիներու Ճիւղերը, ապա մատոյց Սուրբ Պատարագ։ Պատարագի սուրբ զոհին մասնակցեցան նաեւ՝ Հռոմի եւ այլ Իտալական Թեմերու երիտասարդ երիտասարդուհիներ, Թեմական երիտասարդութեան 26րդ օրուայ առթիւ, եւ ի պատրաստութիւն յառաջիկայ օգոստոս ամսուայ Մատրիտի մէջ նշուելիք Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան։
Պատարագի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը արտասանելէ ետք Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, զանազան լեզուներով ողջոյնի սիրալիր խօսքեր ուղղեց բոլոր ներկաներուն, անոնց յորդորելով՝ որ հետեւին Յիսուսի ճանապարհ Խաչին հայցելով՝ Անոր լոյսը։
Ապա Սրբազան Քահանայապետը յատուկ խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հաստատ մնալու՝ իրենց հաւատքին մէջ եւ ըլլալու՝ Աստուծոյ անսահման սիրոյ վկաները, ու վերյիշելով՝ յառաջիկայ օգոստոս ամսուայ Երիտասարդներու Համաշխարհային օրուայ ժամադրութիւնը, հայցեց Տիրամօր բարեխօսութիւնը ու հրաւիրեց բոլորը հետեւելու անոր տիպարին։
Սրբազան Քահանայապետը կոչ մը ուղղեց նաեւ Գոլոմպիայի մէջ խաղաղութեան ի խնդիր։
Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Սուրբ Պետրոս հրապարակը խմբուած գրեթէ 50 հազար հաւատացեալներ միասնաբար լսելի ըրին <<բարի տարեդարձ նորին սրբութիւն>> երգը, ակնարկելով՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին 84-րդ տարեդարձը որ ամբողջացուց 16 ապրիլին։

Սուրբ Պատարագի ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը իր քարոզը կեդրոնացուց օրուան տօնին` Ծաղկազարդի իմաստին վրայ։ Մարդը կը գտնուի երկու մագնիսական քաշողական ուժերու միջեւ -ըսաւ նորին սրբութիւնը - մէկը որ կը տանի դէպի ստորոտ՝ եսասիրութիւնը, սուտն ու չարը, եւ միւսը դէպի վեր Աստուծոյ սիրոյն։ Մարդը իր հպարտութեամբ ուզած է միշտ ըլլալ Աստուծոյ նման ։Մարդ արարածը շատ բաներ իրագործեց։ Արդարեւ մենք կարելիութիւնը ունինք թռչելու` աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը, զիրար մտիկ ընելու ամէնէն հեռու վայրերէն իսկ ու նաեւ իրարու հետ խօսելու։
Սակայն մեզ վար քաշող մագնիսական ուժը միշտ ալ աւելի ուժեղ է եւ մարդկութեան կարողութիւններուն հետ միասին, չարն ալ աճած է, եւ պատմութեան ընդմէջէն կը ներկայանայ որպէս աղիտալի փոթորիկ մը։ Առանց Աստուծոյ միջամտութեան մենք անկարող ենք մեր սրտերը բարձրացնելու դէպի Աստուած. արուեստագիտութեան ձեռք բերած նորութիւնները չեն կրնար մեզի տալ ազատութիւնը եթէ չփնտռենք ճշմարտութիւնը որը կարելի է գտնել Աստուծոյ մէջ ։
Սրբազան Քահանայապետը եզրափակեց իր խօսքը ըսելով . ՜՜մենք ուխտաւորներ ենք մաքուր սրտի, անմեղ ձեռքերու ու ճշմարտութան փնտռտուքի մէջ ։ Աղօթենք մեր Տիրոջ ու յայտնենք մեր իղձը ըլլալու արդարներ։ Օգնէ մեզ Տէր դէպի վեր ուղղուելու` մաքրագործէ մեզ եւ ըրէ որ պատկանինք այն սերունդին որ Աստուած կը փնտռէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.