2011-04-18 12:19:18

Հրեայ Կառավարութեան Մէկ Ներկայացուիչը Պիտի Մասնակցի Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի Երանացման Արարողութեան։


Ս. Աթոռի մօտ Իսրայէլի դեսպանը յայտնած է թէ՝ իր կառավարութիւնը նախարար մը պիտի ուղարկէ Վատիկան, ներկայ գտնուելու՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի երանացման արարողութեան։ Իսրայէլի ներկայացուցիչը Պելկիա ծնած՝ 70ամեայ նախարար մըն է, որ աշխարհամարտին ընթացքին ապաստան գտած էր կաթողիկէ ընտանիքի մը մօտ։ Յայտնենք թէ բազմաթիւ նախագահներ ու վարչապետներ ներկայ պիտի գտնուին երանացման արարողութեան, որ տեղի պիտի ունենայ մէկ մայիսին, Ս. Պետրոս հրապարակը եւ նախատեսուած է աւելի քան 600 հազար ուխտաւորներու ներկայութիւնը այդ արարողութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.