2011-04-18 06:56:47

Ծաղկազարդի Տօնին Կապուած Սովորութիւններ Եւ Աւանդութիւններ Հայոց Մօտ։


Սովորութիւն էր որ Վաղարշապատի շրջակայքի եւ Ղազախի մի քանի գիւղերուն մէջ, պատանիները եկեղեցւոյ մէջ ՜՜Փառք ի բարձունս երգելու միջոցին, ճօճանակ կամ ճիռ կը շարժեն.
Ճօճանակը ձեռքի թաթի չափ կոթով տախտակ մըն է որուն երկու կողմերէն քիչ մը աւելի փոքր տախտակներ կապուած կ՝ըլլայ եւ այս տախտակները շարժելու, (ճօճելու) ժամանակ երկու փոքր տախտակները մէջտեղի տախտակին զարնուելով ուրախութեան ձայներ կը հանեն ։ Իսկ ճիռը փայտի գլան մըն է վրան փորուած ատամներով, փոքր տախտակով մը ճիռին արանցքը պտտցնելով, ձայն կը հանէ այսինքն կը ճոռէ... ։

՜՜Հայ եկեղեցու տօները՝՝ հատորին մէջ կը կարդանք հետեւեալը.
՜՜Ծաղկազարդի տօնին, եկեղեցում, նշանուած աղջիկները իրենց փեսացուի ծնողներից ստանում էին զարդարուած մոմ։ Իսկ ժամասացութիւններից յետոյ, իւրաքանչիւր նորահարս (այսինքն նոյն տարին պսակուած հարսը) առաջին անգամ լինելով, որպէս այցելութիւն, ուղղակի եկեղեցուց գնալու էր իր հօր տունը, իր ծնողների մօտ։ Վաղարշապատի շրջակայքը, Եթէ մէկը Ծաղկազարդից առաջ գնար, այդպիսին ենթարկուում էր ընդհանուրի բամբասանքին։(Արդարեւ ոչ մէկ պարագային նորահարսը կրնար իր ծնողներուն տունը երթալ...կամ ալ գիշերը պէտք էր երթալ եւ վերադառնալ)։

Պատանիները Ծաղկազարդի օրը խումբ խումբ կը պտըտէին տունէ տուն, ձեռքերնին բռնած ուռեր, ծայրը օղակաձեւ, կ՝երգէին եւ հաւկիթ կը հաւաքէին։
այս երգերէն է հետեւեալը.
Կարկաչայ, կարին կաչայ
Սեւ հաւը բնին կ՝ածայ,
Իմ փայը կարկաչէն տուէք...
Ով որ չտայ իմ երկու ձուն
Մուկն ու կատուն իրանց թթուն
Ով որ կու տայ իմ երկու ձուն
Աստուած պահէ իր փեսացուն։
Տանտիկինները մի-մի ձու տալով ճամբու կը դնեն այդ փոքրիկ երախաները որ կ՝երգէին...(հռօ կինը- Աւ. Ահարոնեան)


Ծաղկազարդի օրուան օրհնուած ոստերը, հաւատացեալները տուն կը տանին , խնամքով կը պահեն եւ կը գործածուի որպէս յուռութք (չար աչքի դէմ փոշի) յատկապէս փոթորիկի ընթացքին։
Այլ վայրերու մէջ ճիւղերը կ՝այրեն ու մոխիրը քամուն կը տրուի, փորձանքներէ զերծ մնալու համար։ Իսկ տան մէջ պահուած ոստը կը համարուի ՜՜բարիք եւ պաշտպանութիւն ապահովող նշան մը՝՝։
Շատ անգամ ալ այս ոստերը կամ ճիւղերը կը ջանային տնկել տան սեմին, մինչեւ յաջորդ Ծաղկազարդ, եւ ասոնք կը համարուէին հիւանդութեանց փարատիչ։ Հիւանդը կը դիմէր այդ սուրբ ծառին. նախ 3 անգամ շուրջը կը դառնար մտքին մէջ ուխտ կատրելով, եւ ապա իր զգեստէն կտոր մը կը կապէ ծառին ճիւղին, յոյսով որ այդ շորի կտորին հետ, իրմէ հեռանայ մաշող ցաւը։
Կար նաեւ սովորութիւն մը որ ամուսնանալիք տղուն մայրը (անշուշտ նախապէս աղջկան ծնողաց համաձայնութիւնը ստանալէ ետք) այդ օրը վառած մոմով կը մօտենայ հարսնցուին, մոմը կուտայ անոր ու նաեւ արծաթէ մատանի մը, որով այդ օրուընէ այդ աղջիկը նշանուած կը համարուէր ...

ժողովրդային գետնի վրայ անուան տօնն է՝ Ովսաննա, Ովսան, ու երբեմն ալ Սոնա անունը կրողներուն, այս անունները այժմ շատ չեն գործածուիր սակայն մենք նոյնպէս կը շնորհաւորենք բոլոր անոնք որոնք կը կրեն այդ անունները , ապա կը մաղթենք ուրախ ծաղկազարդ եւ բարի Ս. շաբաթ մը բոլորիդ։








All the contents on this site are copyrighted ©.