2011-04-16 13:16:36

Սրբուհի Գիարայի Ուխտադրութեան 8-րդ Դարադարձը։


՝՝ 16 ապրիլէն(2011) մինչեւ- 11 Օգոստոս 2012 Իտալիոյ մէջ պիտի յիշատակուի Սրբուհի Գիարա Ասիզացիի Ուխտադրութեան, այսինքն՝կրօնաւորական կեանքի նուիրումի ութհարիւրամեակը,զանազան նախաձեռնութիւններով՝՝ այսպէս յայտարարեցին Սանթա Մարիա Տէլլի Անճէլի(Հրեշտակաց Սուրբ Կոյսի) անունը կրող Տաճարի կրօնաւորները ,յիշեցնելով որ ՝՝ Սրբուհի Գիարա եղաւ միջնադարեան առաջին կինը որ շարադրեց իգական վանական կեանքի հայող կանոնագիրք մը, սկիզբ տալով այսպէս բացառիկ արժէք ունեցող շարժումի մը՝ Եկեղեցւոյ ու աշխարհի համար՝՝։

Սրբուհի Գիարայի նուիրուած տօնախմբութիւնները (ի մէջ այլոց ան պաշտպան սուրբն է հեռուստատեսիլի) պիտի ունենան հանդիսաւոր պահեր ու նաեւ մշակութային ու հոգեւոր ցայտուն պահեր։ Առաջին ոգեկոչումը տեղի կ՝ունեայ աղօթքի հսկումով մը Ասիզիի մէջ,16 ապրիլին,նախ Ռուֆինօ-ի մայր եկեղեցւոյ մէջ ուր կը յիշատակուի 1212-ի Ծակազարդի օրը (յորում կը սկսէր անոր կրօնաւորական կեանքը) Ձիթենիի ոստի նը տուուչութեամբը Սրբուհիին, արարողութիւնը գլխաւորող Եպիսկոպսին կողմէ,ապա թափօրը կ՝ուղղուի Բրօթօմօնասթէրօ (Գիարայի Մենաստանը) եւ հուսկ Բորցիունքոլա-ի փոքր Եկեղեցին որ կը գտնուի Ասիզիի շրջակայքը ։ Այլ հանդիսաւոր պահեր պիտի ապրուին 2012-ի Ծաղկազադի Կիրակին եւ յաջորդաբար 11 Օգոստոսին ծիսակատարութիւններով՝ Հրեշտակաց Տիրամօր,Սուրբ Տամիանոսի եւ Ասիզիի Սրբուհի Գիարայի անունը կրող Տաճարներուն մէջ։ Իսկ յառաջիկայ Սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Ուսունասիրութեանց շաբաթ մը նուիրուած Սրբուհիին։

Սրբուհի Գիարա ծնած է Իտալիոյ Ասիզի գիւղաքաղաքը 1193ին։ Երբ ան 18 տարեկան էր, սրբութեան մեծ համբաւ կը վայելէր Սուրբ ֆրանչիսկոսը,Սրբուհի Գիարա իրմէ խորհուրդ առնելով առանց տարակուսելու վճռեց խզել կապը աշխարհին հետ եւ ամբողջովին նուիրուիլ Աստուծոյ ։ Սրբուհի Գիարա հիմնեց Մայրապետներու նոր միաբանութիւն մը ՝՝Գլարիս՝՝ները եւ 42 տարի մեծ խոհեմութեամբ,աստուածավախութեամբ եւ կանոններու ճշգրիտ գործադրութեամբ ապրեցաւ,եւ արդէն իր կենդանութեանը հռչակաւոր դարձաւ բազմաթիւ հրաշքներով։ 12 Օգոստոս 1253-ին իր հոգին Աստուծոյ աւանդեց։








All the contents on this site are copyrighted ©.