2011-04-16 12:43:38

Սպանիոյ Թագաժառանգ Ամոլը Ներկայ Պիտի Գտնուի Յովհաննէս Պօղոս Զ Քահանայապետի Երանացման Ծիսակատարութեան։


Սպանական էֆֆէ լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկագրէ թէ Ասդուրի իշխանը` Սպանիոյ թագաժառանգ ամոլը ֆիլիբ եւ Լեդիցիա, կը գլխաւորեն սպանական պատուիրակութիւնը, մասնակցելու՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի երանացման արարողութեան որ տեղի պիտի ունենայ 1 մայիսին, Ս. Պետրոս հրապարակի վրայ։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ տիար Ռամոն Եորկի Սպանիոյ նախագահութեան նախարարը եւ սպանացի 20 քաղագէտ անձնաւորութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.