2011-04-16 12:43:23

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Տարեդարձը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետ այսօր կը տօնէ իր ծննդեան 84-րդ տարեդարձը ։ Ան ծնած է Շարքթլ ամ ինն՝ Բասսաու թեմին մէջ, 16 ապրիլ 1927-ին եւ նոյն օրը մկրտուած է։ Հայրը ոստիկանապետ էր, համեստ ընտանիքի զաւակ։
1946 - 1951 Ռացցինկեր կը ստանայ փիլիսոփայական եւ Աստուածաբանական ուսումները, Պավարիայի ֆրիզինկայի համալսարանին մէջ։ 1951-ի՝ 29 յունիսին կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի ու կը նուիրուի դաստիարակութեան ասպարէզին, դասաւանդելով՝ վարդապետական Աստուածաբանութիւն ՝ նախ Փրիզինկայի մէջ ապա Պոն։ 1962 - 1965 որպէս մասնագէտ՝ կը մասնակցի Վատիկանեան Տիեզերական Բ Համագումարին։ Աստուածաբանական գիտական հմտութիւնը զինք կը մղէ ստանալու կարեւոր պաշտօններ Գերմանիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասէն ներս։ 1972ին՝ ուրիշ յայտնի Աստուածաբաններու հետ միասին կը հիմնէ <<Գոմմունիօ>> Աստուածաբանական պարբերաթերթը։
1977-ի՝ մարտ 25ին երջանկայիշատակ Պօղոս Զ. Քահանայապետը զինք կ՛անունանէ Մոնաքոյի Եւ ֆրիզնկայի Արքեպիսկոպոս, եւ նոյն տարուան 28 մայիսին կը ստանայ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը, նոյն տարին՝ 27 յունիսին զինք կը բարձրացնէ կարտինալական աստիճանին։

1981-ի՝ 25 նոյեմբերին Յովհաննէս Պօղոս Բ երջանկայիշատակ Քահանայապետը զինք կ՛անուանէ Հաւատոյ Ժողովի Կառավարիչ, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչի քահանայապետական յանձնախումբի եւ համաշխարհային Աստուածաբանութեան յանձմախումբի նախագահ։
1986-1992 ան եղաւ նաեւ նախագահը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականը պատրաստող յանձնախումբին։ Իր գրական ու Աստուածաբանական մարզէն ներս գործունէութիւնները բազմաթիւ ու արժէգաւոր են։2002-ին՝ ՅՊԲ զինք կ՛ընտրէ որպէս Կարտինալական դասի գահերեց։ Ան զանազան Պատուոյ Տոքթորաներ ստացած է եւ հրատարակած բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ։ ՅՊԲի մահէն ետք, 2005ի՝ ապրիլ 19-ին, Կարտինալական Դասը կ՛ընտրէ Ժոզէֆ Ռացցինկերը, որպէս Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ ու ապրիլ 24ին Սուրբ Պետրոսի հրապարակը մեծ շուքով տեղի կ՛ունենայ գահակալութեան արարողութիւնը ու կը ստանայ Պենետիկտոս ԺԶ անունը։










All the contents on this site are copyrighted ©.