Շաբաթ 16 Ապրիլ 2011-ի առաւօտուն Նորին Սրբութիւնը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Սուրբ
Աթոռի մօտ Սպանիօյ նոր դեսպանը՝ Տիկին Մարիա Խեսուս ֆիկա Լոբէզ-Բալոբ, եկած ներկայացնելու՝
իր հաւատարմագրերը Սրբազան Հօր։ Ապա ժամը 11.15-ին՝ Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում
ունեցաւ Կարտինալ Մարգ Ուելլէի՝ Եպիսկոպոսած Ժողովի Կառավարիչին հետ, հուսկ ընդունեցա
Կարտինալ Իվան Տիազ՝ Ժողովուրդներու Աւետարանութեան Ժողովի Կառավարիչը։