2011-04-16 13:16:53

Մարմարեայ Խաչի Կանգնում Զալքայի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Շրջափակին Մէջ։ Լիբանան-


Կիրակի, 10 ապրիլի առաւօտեան, հանդիսաւոր սուրբ Պատարագէն ետք, նախագահութեամբ արհի. հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի՝ Պէյրութի թեմի կաթողիկոսական օգնական եպիսկոպոսին, տեղի ունեցաւ մարմարեայ խաչի կանգնումը, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ։ Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Զմմառու վանքի մեծաւորը՝ գերյ. Միքայէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան, Լիբանանի մէջ Մխիթարեան միաբանութեան մեծաւոր գերյ. Մեսրոպ ծ.վ. Սուլահեան, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետը՝ Հ. Անտոն վրդ. Շատարեւեան, գերապատիւ հայրեր՝ Նարեկ վրդ. Լուիսեան, Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան եւ Տ. Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեան։
Այս մարմարեայ խաչքարը կը յատկանշէ սփիւռքն ու հայրենիքը։ Բարձրութիւնը կը հասնի 3.05 մեթրի։ Անոր ճարտարապետն է Վանիկ Տեմիրճեան, իսկ գանդակագործը՝ Վարդան Աւեսեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.