2011-04-16 13:17:02

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգիսեանի Այցելութիւնը՝ Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի Ընդհանուր Ժողովին ու նաեւ Ոստիկանութեան Ակադեմիային։


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ մասնակցեցաւ Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի տարեկան ընդհանուր հաշուետու ժողովին:
Գիտութիւններու ազգային հիմնարկի նախագահ Ռատիկ Մարտիրոսեան ներկայացուց ակադեմիայի 2010-ի գիտական գործունէութեան արդիւնքները եւ գիտութեան ասպարէզին մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրները եւ գիտութեան զարգացման առաջնահերթութիւնները:
Ժողովի մասնակիցները այնուհետեւ քննարկեցին հաշուետու ժամանակահատուածին մէջ ակադեմիայի գործունէութեան արդիւնքները:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ այցելեց նաեւ Հայաստանի Ոստիկանութեան Ակադեմիա:
Ոստիկանութեան օրուան նախօրեակին ակադեմիայի բակին մէջ բացումը կատարուեցաւ ծառայողական պարտականութիւնները կատարելու ընթացքին զոհուած ոստիկանութեան ծառայողներու յիշատակին նուիրուած Յուշարձանի մը:
Նախագահը ներկայ գտնուեցաւ Յուշարձանի բացման արարողութեան, որուն յաջորդեց շքերթ` ակադեմիայի սաներուն մասնակցութեամբ:
Սերժ Սարգսեան շրջեցաւ հիմնարկի շէնքին մէջ եւ ծանօթացաւ բարձրագոյն կրթութեամբ ոստիկանութեան մարդուժի մասնագէտներ պատրաստող ուսումնական հաստատութեան պայմաններուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.