2011-04-16 13:17:17

Բակօ Սահակեանի Խորհրդակցութիւնը՝ Արցախի Օդակայնին Վերաբերեալ։


Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 14 ապրիլին Ստեփանակերտի օդակայանի գլխամասային շէնքին մէջ կատարեց աշխատանքային խորհրդակցութիւն:
Խորհրդակցութեան ընթացքին զեկուցումներ ներկայացուցին քաղաքացիական օդանաւորդութեան վարչութեան պետ Տիմիթրի Ատբաշեան, օդակայանի տնօրէն Արթուր Կարապետեան եւ համապատասխան ծառայութիւններու պատասխանատուները:
Բակօ Սահակեան ընդգծեց, որ օդակայանի վերագործարկման գործին մէջ առաջնահերթութիւնը անպայման պէտք է տրուի որակական չափանիշներու պահպանման` միջազգային պահանջներուն համապատասխան:
Նախագահը որոշակի յանձնարարականներ տուաւ շահագրգիռ մարմիններու ղեկավարներուն` աշխատանքներու պատշաճ իրականացման ուղղութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.