2011-04-15 12:42:57

Ցեղասպանութեան Տարեկան Ոգեկոչումը՝ Ամերիկեան Քոնկրեսի Շէնքին Մէջ։


Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 13ի երեկոյեան, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի շէնքին պատմական «Քենետի» սրահին մէջ տեղի ունեցած է Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման տարեկան ձեռնարկը՝ մասնակցութեամբ աւելի քան երկտասնեակ մը քոնկրեսականներու եւ երկրի տարածքէն Ուաշինկթըն ժամանած հարիւրաւոր հայորդիներու:

Ներկայ էին նաեւ 106ամեայ վերապրող՝ երէցկին Սիրարփի Խալոյեան, Քոնկրեսի մէջ հայկական հարցերու համախմբումի համանախագահները՝ Ֆրենք Փալոն եւ Էտ Ռոյս, Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկին ներկայ եղած քոնկրեսականներուն, որոնք իրենց այս արարքով դէմ կը դնեն Ցեղասպանութիւնը ուրանալու նպատակով Թուրքիոյ կառավարութեան աշխատանքներուն, միաժամանակ ցաւ յայտնեց, որ Քոնկրեսը տակաւին չէ կրցած վաւերացնել Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը:

Ամենայատկանշական ելոյթներէն մէկը ունեցաւ ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզ, որ դրուատեց ձեռնարկին մասնակցող Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճան Էվընզը, որ քաջութիւնը ունեցած էր Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը հաստատելու: Ան նաեւ յայտարարեց, թէ ժամանակը հասած է, որ նախագահ Պարաք Օպամա յարգէ Ցեղասպանութիւնը յստակօրէն ճանչնալու իր խոստումը՝ յիշեցնելով, թէ Օպամա Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը յստակօրէն հաստատած էր, երբ ան ծերակուտական էր:

Իր կարգին, Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւին գլխաւոր հովանաւոր Էտըմ Շիֆ խստօրէն դատապարտեց Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները՝ զանոնք Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը ձախողութեան մատնելու նպատակով մէջտեղ նետուած Անգարայի նախաձեռնութիւնը համարելով:







All the contents on this site are copyrighted ©.