2011-04-15 12:42:10

Վատիկանի թղթատարութիւնը յուշապահարանի նոր արտակ մը լոյս պիտի ընծայէ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի երանացման առթիւ։


Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի երանացման առթիւ, Վատիկանի թղթատարութիւնը նոր դրոշմի ու նոր յուշապահարանի մը արտակ մը շրջաբերութեան մէջ պիտի դնէ։ Պահարանին ձախ կողմը տպուած է Յովհաննէս Բ Քահանայապետին նկարը աղօթքի դիրքի վրայ։
Միաժամանակ Վատիկանի թղթատարութիւնը լեհականին հետ միասին դրոշմաթուղթ մը պատրաստած է, որուն մէջ պատկերացուցած է Յովհաննէս Բ Հռոմի Պապը իր բազուկները երկինք բարձրացուցած, դրոշմաթուղթի խորքը կը տեսնուի Ս. Պետրոս տաճարը եւ ողորմած Քրիստոսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.