2011-04-15 12:27:00

ՄԻՆՍՔ-ի Խմբակի Համանախագահներու Յայտարարութիւնը։


ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Պեռնար Ֆասիէ(Ֆրանսա), Ռոպըրթ Պրատքէ (Միացեալ Նահանգներ) եւ Իկոր Փոփով(Ռուսիա) վստահութիւն յայտնեցին, որ հարցերը լուծելու եւ բանակցային հոլովոյթը իր աւարտին հասցնելու ժամանակն է:
Անոնք երէկ հրապարակուած յայտարարութեան մը մէջ նշեցին, որ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ 11-14 ապրիլին Երեւան, Ստեփանակերտ եւ Պաքու այցելած են եւ հանդիպումներ ունեցած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի տէ ֆաքթօ իշխանութիւններուն հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման ուղղուած ընելիքները:
Համանախագահները նշեցին, որ 13 ապրիլին քալելով անցած են ազրպէյճանական եւ ղարաբաղեան զինեալ ուժերու շփման գիծը` նպատակ ունենալով ճշդել զինադադարի դրութեան խախտումներու հանգամանքները: Իբրեւ հիմք ընդունելով 5 մարտին Սոչիի մէջ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միացեալ յայտարարութիւնը, միջնորդները կողմերուն ներկայացուցին ճակատային գիծին վրայ տեղի ունեցող միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմի նախագիծը:
Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ համանախագահները պատրաստ են շարունակելու աշխատանքը կողմերուն հետ եւ բաց ու թափանցիկ հետաքննութիւն կատարելու, ինչ որ կարելիութիւն պիտի տայ ամրապնդելու վստահութիւնը, խուսափելու սխալներէն եւ կեանքեր փրկելու:
Համանախագահները նաեւ մտահոգութիւն յայտնեցին Ստեփանակերտի օդակայանի բացման առնչութեամբ` նշելով, որ ատիկա կրնայ սրել կողմերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը:
Համանախագահները նախազգուշացուցին, որ Ստեփանակերտի օդակայանէն իրականացուելիք թռիչքները չեն ենթադրեր Լեռնային Ղարաբաղի ներկայիս իրավիճակի փոփոխութիւն: Անոնք յորդորեցին կողմերուն հետեւելու միջազգային համաձայնագիրներուն եւ դաշինքներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի օդային տարածքներով իրականացուող թռիչքներու ներկայ վիճակին:
Համանախագահները նաեւ տեղեկացուցին, որ ապրիլի աւարտին Ուաշինկթընի մէջ այս հարցերը պիտի քննարկեն Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան բարձրագոյն պաշտօնեաներուն հետ:
Միւս կողմէ, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ Պաքուի մէջ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները:








All the contents on this site are copyrighted ©.