2011-04-15 12:41:27

Գիտաժողով Մը ՜՜Միջագետքի Քրիստոնէութեան Մասին' Ծագումէն Մինչեւ Այսօր՝՝Զուիցերիոյ ֆրիպուրկ Քաղաքին Մէջ։


Հակառակ Իրաքի քրիստոնեաներու ողբերգական կացութեան, թիրախ ահափեկիչներու, Զուիցերիոյ ֆրիպուրկ կաթողիկէ համալսարանը 13 եւ 14 մայիսին կը կազմակերպէ գիտաժողով մը '' Միջագետի քրիստոնէութիւնը ծագումէն մինչեւ այսօր'' նիւթին մասին։ Յայտնենք թէ ֆրիպուրկի համալսարանը անցեալ յուլիսին համաձայնութիւն կնքած է Իրաքի Ապրիլ-Անքաուա քահանապետական Պապել կոչուած ճեմարանի հետ։ Գիտաժողովին կը մասնակցին Պապելի ճեմարանէն երկու աստուածաբաններ։ Անոնք պիտի շօշափեն Միջագետքի ոչ միայն քրիստոնեայ ներկայութիւնը նիւթը այլ եւ նախաքրիստոնեական մշակոյթներու մասին, նոյնպէս պիտի խօսին իրենց անձնական փորձառութեան, իրենց կրած հալածանքին մասին։
Իրաքի քրիստոնեաները փոթորիկի մէջ -
Ամերիկեան ներխուժումէն 8 տարի ետք, որ ունէր որպէս նպատակակէտ հանրավարութիւնը հաստատել եւ վար առնել բռնապետ Սատտամը, կացութիւնը կը մնայ անկայուն եւ քրիստոնեաները երկրէն կը հեռանան որպէսզի թիրախ չդառնան մոլեռանդ մահմետականներուն։ Մահմետականները կ'ուզեն վտարել զանոնք երկրէն հակառակ որ անոնք 2000 տարիէ ի վեր այդ հողին վրայ հաստատուած են։ Ամերկացիները փոխանակ հանրավարութիւնը բերելու, պարճառ դարձան որ ընկերութիւնը բաժան բաժան ըլլայ. ստեղծուեցան խմբաւորումներ մէկը միւսին դէմ աշխատող։ Քրիստոնեաները հետզհետէ կը հեռանան եւ Միջագետքը քրիստոնեաներէն կը պարպուի։ Այս վերջին շրջանին աւելի քան հազար քրիստոնեաներ սպաննուեցան, անոնց կարգին եպիսկոպոս մը եւ 15 քահանաներ, նոյնպէս 25 եկեղեցիներու դէմ յարձակում կատարուեցաւ։ Հակառակ այս դառն իրողութեան, ֆրիպուրկի համալսարանը իր այս նախաձեռնութեամբ՝ կ'ուզէ յայտնել իր զօրակցութիւնը, գիտական համագործակցութիւն յառաջ տանելով՝ Պապելի ճեմարանին հետ։ 2007էն ի վեր անիկա պաշտպանը կը հանդիսանայ Իրաքի քրիստոնեայ փոքրամասնութեան։
''Քրիստոնէութիւնը Միջագետքի մէջ'' գիտաժողովի առաջին զեկոյցը պիտի կատարէ հայր Կիտօ Վերկովըն` ռեկդորը ֆրիպուրկի համալսարանին։








All the contents on this site are copyrighted ©.