Տոհայի Գերաստիճանը։ Արեւմտեան Եւ Արաբ Պետութիւններ Կ՝ըսեն «Կատտաֆի Պէտք է Հեռանայ
» ։
Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ Լիպիոյ ապագան քննարկող միջազգային ուժերը առաջին
անգամ ըլլալով կոչ ուղղեցին, որ Մոամմար Կատտաֆի հեռանայ իշխանութենէն, իսկ ՕԹԱՆ-ի անդամ
երկիրները հրապարակաւ օդային հարուածները աշխուժացնելու շուրջ վիճեցան: Բրիտանիա եւ
Ֆրանսա յաղթանակ մը արձանագրեցին, երբ շուրջ 16 եւրոպական եւ միջին արեւելեան երկիրներէ,
ՄԱԿ-էն, Արաբական լիկայէն եւ Ափրիկեան Միութենէն բաղկացած «Յարաբերական խմբակը» յայտնեց,
որ Կատտաֆի պէտք է հեռանայ: Ժողովէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէր, որ
«Կատտաֆի եւ իր վարչակարգը ամբողջովին կորսնցուցած են իրենց օրինականութիւնը եւ պէտք
է հեռանան իշխանութենէն` արտօնելով, որ ժողովուրդը ճշդէ իր ապագան»: Բրիտանիա եւ Ֆրանսա
կոչ ուղղեցին ՕԹԱՆ-ի կողմէ օդային հարուածներու աւելի մեծ մասնակցութեան։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր
քարտուղար Պան Քի Մուն պատերազմին պատճառած մարդասիրական աղէտը ընդգծեց, երբ յայտնեց,
որ 3.6 միլիոն մարդ կամ Լիպիոյ բնակչութեան կէսէն աւելին օժանդակութեան կը կարօտի: Տոհայի
հանդիպումին մասնակից ըմբոստները կոչ ուղղեցին Կատտաֆիի ծանր զէնքերուն դէմ յաւելեալ
օդային յարձակումներ կատարելու: Քաթարի իշխանութիւնները հաստատած են, որ Լիպիոյ ըմբոստներուն
օգնած են միջազգային շուկային մէջ վաճառելու քարիւղը, որմէ ստացուած եկամուտները պիտի
օգտագործուին Կատտաֆիի վարչակարգին դէմ պայքարը շարունակելու: