2011-04-14 13:09:42

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, այս առաւօտ իր գրասենեակի մէջ ընդունեց ժամը 11ին Լէթթոնիայի նախագահը՝ Տիար Վալտիս դժուար Ժամը 11.30 Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց Մարոնիթ Եկեղեցւոյ Անտիոքի Նորնտիր Պատրիարք Պշարա Պութրոս Րաիին, ապա ժամը 11.45-ին սրբազան քահանայապետը ընդունեց Սպանիոյ դեսպանը՝ ֆրանսիսքօ Վազգէզ եւ կողակիցը եկած հրաժեշտի այցելութիւն կատարելու Սրբազան Հօր։
Ժամը 12-ին Գլէմէնթինա սրահին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Մարոնիթ եկեղեցւոյ Պատրիարքի ընկերացող եպիսկոպոսներուն կղերին ու հաւատացեալներուն թիւով 150 հոգի։
Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը խօսք մը ուղղեց ներկաներուն, որով բարի մաղթանք յայտնեց նորընտիր Պատրիարքին, մատնանշելով թէ անոր ընտրութիւնը զուգադիպեցաւ Մար Մարոնի 1600 ամեակի տարւոյն փակման առիթին։
Ձեզ բոլորդ սրտանց կ՛ողջունեմ,- ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, այս եղբայրական հաղորդութեան եւ եկեղեցական միութեան առիթով , ընդմէջ Մարոնիթ եւ Հռոմի եկեղեցւոյ որ իր լրացումը կը գտնէ Սուրբ Պատարագի անմահ զոհին ընթացքին Յիսուսի Մարմինին եւ Արեան բաժանակից դառնալով։
Ապա Նորին Սրբութիւնը յատուկէն ողջունեց Մարոնիներու նախկին Պատրիարք՝ Կարտինալ Նասրալահ Սֆէյրը շնորհակալութիւն յայտնելով անոր, իր առաքելական ծառայութիւններուն համար, 25 տարիներու ընթացքին Լիբանանու տառապալից եւ քաղաքական դժուար պայմանններու մէջ։
Հուսկ սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ Միջին արեւելքի համար յատուկ սիւնոդոսին, անցեալ 2010-ին գումարուած՝ նաեւ միջին արեւելքի քրիստոնեաներու ապրած դժուարութիւններուն ու մանաւանդ նոր սերունդի հոգեկան, մարդկային, բարոյական եւ գիտական աճման կարեւորութեան ինչպէս նաեւ նոր աւետարանացումի մարտահրաւէրներուն։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ապա եղբայրական բարի մաղթանքներ յայտնեց Ռայի պատրիարքին իր նոր առաքելութեան համար հայցելով Սուրբ Հոգւոյն բարեխօսութիւնը եւ մէջբերելով աւետարանի այս յատուածը <<Մի վախնար հօտ փոքրիկ որովհետեւ ձեր հայրը հաճեցաւ տալ ձեզի արքայութիւնը>>։ Ապա նորին սրբութիւնը յատուկ եւ սիրալիր ողջոյններ ուղղեց Լիբանանի ժողովուրդին ու տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.