2011-04-14 13:12:16

Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին 2011-ի՝ Սուրբ Շաբթուայ Ընթացքին Կատարելիք Արարողութեանց Ժամանակացոյցը։


Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին 2011-ի՝ Սուրբ Շաբթուայ Ընթացքին Կատարելիք Արարողութեանց Ժամանակացոյցը։


17 Ապրիլ (2011) Կիրակի .ՏՕՆ ԾԱԿԱԶԱՐԴի եւ Օր Տիրոջ Չարչարանաց ,Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 9.30ին Սուրբ Պետրոս Հրապարակին վրայ պիտի օրհնէ Արմաւենիի ու Ձիթենիի Ճիւղերը,եւ յաւարտ Թափօրագնացութեան պիտի մատուցանէ Սուրբ Պատարագը։

21 Ապրիլ (2011) Աւագ Հինգշաբթի։ Առաւօտեան ժամը 9.30ին Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ Սրբազան Քահանայապետը պիտի գլխաւորէ Սուրբ Պատարագը կատարելով Սուրբ Իւղերու օրհնութիւնը։ Իսկ յետ միջօրէին նոյն օրը ժամը 17.30ին Հռոմի մայր Եկեղեցիին՝Լատերանեան Սուրբ Յովհաննու Տաճարին մէջ պիտի նախագահէ Սուրբ Պատարագին,որու ընթացքին պիտի լուայ 12քահանաներու ոտքերը. յաւարտ արարողութեանց Սուրբ Հաղորդութիւնը պիտի փոխադրուի յատկապէս պատրաստուած ու զարդարուած Խորանը։

22 Ապրիլ (2011) Աւագ Ուրբաթ։ Նուիրուած Աստուածային Վարդապետի չարչարանքներու յիշատակութեան։ Յետ միջօրէին ժամը 17.00ին Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը պիտի գլխաւորէ Տիրոջ Չարչարանաց արարողութիւնը։ Իսկ երեկոյան ժամը 21.15ին (միշտ Իտալիոյ ժամով) Սրբազան Հայրը պիտի կատարէ Ճանապարհ Խաչի բարեպաշտական աղօթքի արարողութիւնը, որ ամէն տարի տեղի կ՝ունենայ Հռոմի երկհազարամեայ ՝՝Գոլլոսէում՝՝ ի աշխարհածանօթ Ամփիթատրոնին մէջ։

23 Ապրիլ (2011) Աւագ Շաբաթ։ Շաբաթ օրը երեկոյան ժամը 21.00ին Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ սկիզբ պիտի առնէ Նորին Սրբութեան գլխաւորութեամբ Սուրբ Գիշերուայ Զատկական Հսկումը, ։

24 Ապրիլ (2011) Կիրակի- ԶԱՏԻԿ ։ Զատկի կիրակի օրը առաւօտեան ժամը 10.15ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի Հրապարակին վրայ պիտի պատարագէ , եւ յաւարտ Սուրբ Պատարագին (կէսօրին) Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն համայն աշխարհին պիտի ուղղէ ՝՝Urbi et 0rbi՝՝ իր Առաքելական օրհնութիւնը որ կը նշանակէ Հռոմ քաղաքին Ու Համայն Աշխարհին։








All the contents on this site are copyrighted ©.