2011-04-14 13:15:40

Հռոմի Լեւոնեան Հայ Վարժարանի Սուրբ Նիկողայոսի Անուան Հայ-Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Զատկի Աւագ Շաբթուայ Տօնական Ժամանակացոյցը։


Կիրակի 17 Ապրիլ 2011, Ծաղկազարդի Կիրակի օրը առաւօտեան ժամը 10.30ին Հայածէս ձայնաւոր Սուրբ Պատարագ Սուրբ Նիկողայոսի անուան հայ-կաթողիկէ եկեղեցիին մէջ։ Ձիթենիի ոստերու օրհնութիւն,Դռնբացէքի արարողութիւն(Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքը պատկերացնող ծէսը) եւ Կարգ Անդաստանի։
Հինգշաբթի 21 Ապրիլ 2011- Աւագ Հինգշաբթի- Սուրբ Նիկողայոս Եկեղեցւոյ մէջ ժամը 17.00ին Երեկոյան Ժամերգութիւն -Ոտնլուայ- Ժամը 18.00ին Սուրբ Պատարագ -ժամը 20.30ին՝ Խաւարման Գիշեր։
Ուրբաթ 22 Ապրիլ 2011- Աւագ Ուրբաթ- Սուրբ Նիկողայոս Եկեղեցւոյ մէջ,առաւօտեան ժամը 10.00ին Ժամասացութիւն-ժամը 18.00ին Թաղման Կարգ Քրիստոսի։
Շաբաթ 23 Ապրիլ 2011-Աւագ Շաբաթ - Սուրբ Վլասի անուան հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ(Վիա Ճուլիա 63) յետ միջօրէին ժամը 17.00ին Երեկոյան Ժամասացութիւն-Մարգարէութիւններու Ընթերցում- եւ ժամը 18.00ին Զատկուայ Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագ -Հուսկ՝ Շնորհաւորութեանց Փոխանակում։

Կիրակի 24 Ապրիլ 2011-Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութիւնը։ԶԱՏԻԿ։ Եւ Հայկական Ցեղասպանութեան 96-րդ տարեդարձ։
Սուրբ Նիկողայոսի անուան Եկեղեցւոյ մէջ ժամը 11։00ին Հայածէս Ձայնաւոր Սուրբ Պատարագ եւ Շնորհաւորութեանց Փոխանակում։ Սուրբ Պատարագի աւարտին Լեւոնեան վարժարանի եւ նոյնինքն Եկեղեցւոյ հրապարակին վրայ գտնուող Նահատակներու Յուշակոթող Խաչքարի առջեւ 1915-ի մեր բիւրաւոր Նահատակներու Յիշատակութեան արարողութիւնը,Ծաղկեպսակի տեղադրումով եւ Աղօթքներով։ Այս տարի Հայ Ժողովուրդը կը յիշատակէ պատմական երկու օրեր,մին Սուրբ Յարութեան Տօնը,իսկ միւսը Հայկական Ցեղասպանութեան 96երորդ տարեդարձը։
Երկուշաբթի 25 Ապրիլ 2011- Օր Մեռելոց։ Ժամը 11.30ին Հռոմի Գամփօ Վէրանօ Գերեզմանատան մէջ Հոհեհանգստեան Պատարագ։








All the contents on this site are copyrighted ©.