2011-04-14 13:10:57

Երիտասարդներու Կրօնագիրքի Ներկայացում։
Օգնել Երիտասարդները որ Հաւատքի Մէջ Աճին եւ Ամրապնդուին։


Հինգշաբթի 13 ապրիլին, Ս. Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ, ներկայացումը եղաւ Եուքադ` Երիտասարդներու կրօնագիրքին, գլխաւորութեամբ կարտինալ Շանպորնի` առաջնորդը Վիեննայի, կարտինալ Ռիլքոյի՝ նախագահը աշխարհականներու քահանայապետական խորհուրդին եւ գերապայծառ ֆիզիքելլայի` նախագահը Նոր Աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդին։
Կարտինալ Ռիլկօ իր զեկոյցին մէջ ըսաւ ՜՜Եուքադ՝՝ գիրքին աշխատասիրութիւնը, արդիւնքն է ներկայ ընկերութեան ենթակայապաշտութեան ու յարաբերականութեան, որոնք սպառնալիք են հաւատքի։ Կրօնագիրքին նպատակն է օգնութեան հասնիլ նոր սերունդին աճելու ու ամպրապնդուելու քրիստոնէական հաւատքին մէջ։
Յյայտնենք թէ դեղին կազմով ՜՜Եուքադ՝՝ կրօնագիրքը կը ներփակէ 530 հարցում- պատասխաններ, շարդարուած պարզ ու հասկնալի ոճով։ Անիկա մեծապէս օգտակար պիտի հանդիսանայ նաեւ կրօնուսոյցներուն։
Նոր Աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` գերպայծառ ֆիզիքելլայի գնահատումով, Եուքադը երիտասարդներու նոր աւետարանութեան համար վաւեր գործիք մըն է։
Եուքադ կրօնագիրքի նախաբանը կը կրէ ստորագրութիւնը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին։ Մատրիտի Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան ընթացքին Եուքադը ներկաներուն պիտի բաշխուի անվճառ, որպէս նուէր Սրբազան Քահանայապետի կողմէ։ Հատորը արդէն իսկ թարգմանուած է 15 լեզուներու, ներառեալ չինարէնը եւ հնդկերէնը։
Եուգադը մայիս մէկէն սկսեալ տրամադրելի է նաեւ iPhone-ի եւ smartphone-ի մէջ։
Եուքադը, կաթողիկէ եկեղեցւոյ քրիստոնեականին նման, ստորաբաժանուած է չորս մեծ մասերու։ Առաջին` ի՞նչ բանի կը հաւատանք։ Երկրորդ` քրիստոնէական խորհուրդի ապրում։ Երրորդ` կեանքը Քրիստոսի մէջ, եւ չորրորդ` աղօթքը քրիստոնէական կեանքին մէջ։ Եուքադը հրատարակուեցաւ Աւստրիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի պատասխանատուութեամբ եւ վաւերացուած է Գերմանիոյ եւ Զուիցերիոյ եպիսկոպոսական դասերու կողմէ։ Անիկա քննարկուեցաւ ու վաւերացուեցաւ Հաւատոյ ժողովի կողմէ եւ կը վայելէ օժանդակութիւնը կղերի ժողովին , աշխարհականներուն եւ նոր աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.