2011-04-14 13:15:21

Գերմանացի եպիսկոպոսները յայտնած են Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Դաշնակցային Գերմանիա այցելութեան յայտագիրը։


Նորին Սրբութիւնը ճառ մը պիտի արտասանէ Գերմանիոյ ազգային ժողովին եւ խօսակցութիւն պիտի ունենայ վարչապետ Անճելա Մերքելի հետ։
Դաշնակցային Գերմանիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը` գերապայծառ Ռոպերթ Ծոլիչ մամուլին հետ ունեցած ելոյթով յայտնեց թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի առաքելական ճամբորդութիւնը պիտի ունենայ երեք հանգրուան` Պերլին, Էրֆուրթ եւ ֆրիպուրկ, ուր Նորին Սրբութիւնը ծիսակատարութիւններ պիտի կատարէ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հանդիպումներ պիտի ունենայ եկեղեցական, քաղաքական եւ մտաւորական անձնաւորութիւններու հետ։
Էրֆուրթի մէջ` քաղաքը Մարթին Լիւտերի, Սրբազան հայրը համամիութենական հանդիպումներ պիտի ունենայ։ Պերլինի մէջ տեսակցութիւններ պիտի ունենայ պետութեան բարձրագոյն իշխանութիւններուն հետ։ Գերմանիոյ ազգային ժողովին առջեւ Սրբազան Քահանայապետը կարեւոր ճառ մը պիտի արտասանէ ։ Նոյնպէս նախատեսուած են հանդիպումներ իսլամ եւ հրեայ ներկայացուցիչներու հետ։ Հուսկ Սրբազան Հայրը տեսակցութիւն պիտի ունենայ վարչապետ Անճելա Մերքելի եւ Վերին Ատեանի ներկայացուցիչներուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.