2011-04-14 13:11:57

60 Տարի, Ս. Աթոռի Եւ Փիլիեփեան Կղզեխումբի Դիւանագիտական Կապերուն։


Հինգշաբթի 14 ապրիլի՝ յետ միջօրէին, սուրբ պատարագի արարողութեամբ կը նշուի Փիլիփեան կղզեխումբի եւ Վատիկանի միջեւ դիւանագիտական կապերու հաստատումին 60 ամեակը։ Սրբազան արարողութիւնը կը նախագահէ Վատիկանի արտգործ նախարարը՝ Գեռապայծառ Տոմինիք Մամպերթին։ Երյանկաջիշատակ Պիոս ԺԲ.ի քահանայապետութեան շրջանին է որ Փիլիպեան կղզեխումբը դարձաւ առաքելական թեմ եւ գերապայծառ Էճիտիօ Վանիոցցին 9 ապրիլ 1951 եղաւ Վատիկանի առաջին պապական նուիրակը։ Նոյն տարուայ 4 յունիսին Տիար Մանուէլ Մորանը իր հաւատարմագրերը կը ներկայացնէ ու կը դառնայ Սուրբ Աթոռի մօտ Փիլիպպեան կղզեխումբի առաջին դեսպանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.