2011-04-13 12:23:09

Սլովագիոյ Հաւատացեալները Կը Յիշատակեն Անարդար Հալածանքներու Ենթարկուածներու Օրը


13 ապրիլին ինչպէս ամէն տարի, Սլովագիայի ժողովուրդը կը յիշատակէ անարդար հալածանքներու ենթարկուածներու օրը, յիշելու 1950 - 13 եւ 14 ապրիլի գիշերուայ ընթացքին պատահած վանական միաբանութիւններու ջնջումը։
13 ապրիլի գիշերը համայնավար վարչաձեւի իշխանութիւնը բանտարկել տուաւ եպիսկոպոսներ, քահանաներ եւ աշխարհականներ դաժան չարչարանքներու ենթարկելով զանոնք իրենց հաւատքի պատճառաւ։
2003 Յովհաննէս Պօղոս Բ երջանկայիշատակ Քահանայապետը այն նահատակներէն յոյն կաթողիկէ եպիսկոպոս Բիթէր Բավոլ Կոյտիչ եւ կրօնաւորուհի Զտէնքա Սգէլինկովան եռանելիներու շարքին բարձրացուց։
Սլովագիոյ Քրիստոնեաներու Հաւաքը կը նշէ թէ <<քրիստոնեաներու դէմ հալածանքները աշխարհի մէջ կը շարունակուին տարբեր ձեւերով>> եւ Սլովագիոյ հաւատացեալները իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու են անոնց հանդէպ։
Պրադիզլավայի մէջ այս առթիւ, Սուրբ Մարդինոսի նուիրուած մայր տաճարի մէջ, տեղի կ՛ունենայ աղօթքի արարողութիւն որուն կը մասնկացի Պրադիզլավայի Արքեպիսկոպոս Սդանիզլավ Սվոլէնսքին ինչպէս նաեւ պապական նուիրակ գերապայծառ Մարիօ Ճիորտանան։ Սլովագիոյ Քրիստոնեաներու Հաւաքը ապա կոչ կ՛ուղղէ Քաղաքական տեղական ու եւրոպական իշխանութիւններուն որ ջանք թափեն վերջ դնելու հաւատքի պատճառաւ տեղի ունեցած հալածանցներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.