2011-04-13 13:03:27

Հայ Ժողովուրդի Հաւատքը Ամրապնդուեցաւ Սուրբ Աջին Բաշխած Օրհնութեամբ Անթիլիասի Մէջ


Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի ՙՄուտն ի վիրապ՚ի տօնին, ամէն տարուան հաւատարմութեամբ, ուխտաւոր հաւատացեալներ յարգեցին իրենց ժամադրութիւնը մեծ սուրբին հետ, համբուրելու համար անոր սուրբ Աջը:
Կիրակի 10 Ապրիլ 2011-ին Ս. Լուսաւորիչի Վիրապ Մուտքի տօնը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի Ուխտի Օրը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ, երկու օրերու վրայ տարածուած:
Շաբաթ 9 Ապրիլին, Վիրապամուտի տօնին բուն օրը, Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ Ս. պատարագը մատուցեց Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան: Երեկոյեան ժամերգութենէն անմիջապէս ետք, ժամը 6-ին, ՙԿիլիկիա՚ թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նկարներու ցուցահանդէսի բացումը, ՙՀայ Մանուկի Տարուան՚ առիթով, կազմակերպութեամբ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Վարիչ Տնօրէնութեան: Ապա, երեկոյեան ժամը 7-ին տեղի ունեցաւ հսկումի խորհրդալից արարողութիւն, ի պատրաստութիւն յաջորդ օրուան ուխտաւորութեան: Իսկ գիշերուան ժամը 8-ին, Մայր Տաճարին մէջ հոգեւոր համերգով ելոյթ ունեցան Մայրավանքի Կիրակնօրեայ Դպրոցի աշակերտները եւ Լիբանանի Թեմի ՙԱռաքելոց՚ երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Բարշ. Գրիգոր Սրկ. Ալլոզեանի:
Յաջորդ օր, հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեամբ, Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ պատարագ, եւ մասունքներու թափօր՝ գլխաւորութեամբ Սուրբ Լուսաւորչի Աջին:
Սուրբ պատարագին հանդիսապետեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս: Այս առիթով պատարագեց եւ քարոզեց՝ Գերշ. Տ. Նորայր Ս. Եպս. Աշըգեան: Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը քառաձայն կատարումով երգուեցաւ Կաթողիկոսարանիս ՙՇնորհալի՚ երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեանի: ՙՀաւատամք՚ի պահուն, զոյգ զանգերու ղօղանջին ներքեւ, Հայրապետական թափօրը ծայր առաւ Վեհարանէն, որուն առջեւէն կ’ընթանար Ս. Լուսաւորչին Աջը պարփակող արծաթապատ ու քանդակազարդ դրուագներով հարուստ դարաւոր արկղը, զոր երկիւղածութեամբ կը տանէին Միաբան Հայրեր, իբրեւ նուիրեալ պահապանները այս դարաւոր սրբութեան:
Պատարագիչ Սրբազանը Ներսէս Լամբրոնացիէն առնելով իր բնաբանը, խօսեցաւ օրուան քարոզը, որու ընթացքին նախ անդրադարձաւ Հայ Ժողովուրդի Մեծագոյն Սուրբի կեանքին ու զոհաբերութեան, ու ապա վեր առաւ հաւատքի, յոյսի ու սիրոյ անհրաժեշտութիւնը մեր քրիստոնէական կեանքէն ներս: Ան ըսաւ թէ մեր ժողովուրդը հաւատքի երկունքէն ծնած ըլլալով պէտք է պահէ իր նախնիներու դարաւոր սուրբ հաւատքը: Ապա, Սրբազանը երկու սրբութիւններ մատնանշեց՝ եկեղեցի եւ հայրենիք, որոնց նկատմամբ պէտք է հաւատարիմ ըլլայ մեր ժողովուրդը: Ուստի, կոչ ուղղեց ան մեր ժողովուրդին, միշտ եկեղեցի յաճախելու եւ Աստուծմով զօրանալու:
Պատարագէն անմիջապէս ետք, Միաբան Հայրերէ, Քահանայից դասէն ու Դպրեվանքի սաներէ կազմուած մեծահանդէս թափօրը, գլխաւորութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, Ս. Աթոռի բազմաթիւ սրբազան մասունքներով, Մայրավանքին ամբողջ շրջանը կատարեց: Թափօրի ընթացքին մեծեր թէ փոքրեր երկիւղածութեամբ կը մօտենային Սուրբ Աջին, իրենց ուխտը ներկայացնելով Աստուծոյ, Մեծ Սուրբին աղօթքներուն ու բարեխօսութեան ապաւինելով: Ապա, երբ թափօրը դարձեալ մուտք գործեց Մայր Տաճար, Վեհափառ Հայրապետը ու հոգեւորականաց դասը բարձրացաւ Խորանը, ուր տեղի ունեցաւ ջրօրհնէքի հանդիսաւոր արարողութիւնը ՙԱջովն Սրբոյն Գրիգորի Լուսաւորչին՚: Նորին Սրբութիւնը Ս. Լուսաւորչի Աջով, իսկ Միաբան հայրեր այլ սուրբերու Աջերով ու մասունքներ պարունակող խաչերով օրհնութիւն բաշխեցին հաւատացեալներուն:
Վեհափառ Հայրապետը այս առիթով ընթերցեց հիւանդներու բժշկութեան յատուկ ՙՓարատեա՜՚ աղօթքը եւ հաւատքի մէջ ամրապնդուելու կոչ ուղղեց ներկայ բարեպաշտներուն: Ջրօրհնէքէն յետոյ, Ս. Լուսաւորչի Աջը դրուեցաւ Մայր խորանի բեմին վրայ Միաբան Հայրերու հսկողութեան ներքեւ, ու հայ թէ օտար հաւատացեալներ մինչեւ գիշերուան ժամը 8, եկան Մայրավանք համբուրելու համար զայն: Աջահամբոյրէն ետք, բոլոր հաւատացեալները հերթաբար ուղղուեցան նաեւ Ս. Երրորդութեան Խորան, այնտեղ եւս ծնրադրելու Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մասունքին առջեւ, սրբավայրին մէջ ծնրադիր իրենց աղօթքը բարձրացնելով առ Աստուած:








All the contents on this site are copyrighted ©.