Ատրպէյճանի Խորհրդարանը Կը Քննադատէ Պաքուի Մօտ Ամերիկայի Դեսպանը՜Մեթիու Պրայզա։
Ապրիլ 8ին Ատրպէյճանի խորհրդարանը քննած է «գրաւեալ» Ստեփանակերտի (ատրպէյճանցիները քաղաքը
Խանքենտի կը կոչեն) մէջ միջազգային օդակայան բանալու հարցը՝ հասնելով այն եզրակացութեան,
որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները յարմար հակադարձութիւն ցուցաբերած են այս հարցին:
Միաժամանակ, խորհրդարանը քննադատած է այս հարցով Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու
դեսպան Մեթիու Պրայզայի որդեգրած դիրքորոշում՝ զայն հայամէտ նկատելով: Խորհրդարանը
անընդունելի գտած է Ստեփանակերտի ու Նախիջեւանի օդակայանները իրարու հետ համեմատելու
ամերիկացի դեսպանին փորձը՝ զայն «սխալ» որակելով: «Ան տակաւին հայամէտ տարազին մէջ
կը մնայ: Մեթիու Պրայզա պէտք է աւելի ուշադիր ըլլայ իր արտայայտութիւններուն», յայտարարած
է երեսփոխան Ֆայզալ Աղամալի: