2011-04-12 12:21:34

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Ընդունելով Խրուաթիայի Նոր Դեսպանին Հաւատարմագրերը Ընդգծեց Եւրոպայի Եկեղեցական Արմատները։


Իր գրասենեակին մէջ ընդունելով Խրուաթիայի նոր դեսպանը տիար ֆիլիփ Վուգաք, Սրբազան ՚Քահանայապետը մասնաւորապէս խօսեցաւ Եւրոպայի քրիստոնեական արմատներու մասին, նիւթ մը որ կեդրոնը պիտի հանդիսանայ իր ճառերուն որ պիտի արտասանէ Խրուաթիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան յառաջիկայ 4-5 յունիսին։ Ձեր երկրիրը կը պատրաստուի անդամ դառնալու Եւրոպայի միութեան այդ անդամակցութեամբ դուք կանչուած էք ոչ միայն յառատեւելու տնտեսական եւ իրաւական դրութեան մը, որ ունի իր առաւելութիւններն ու թերութիւնները այլ նաեւ կանչուած էք ձեր իւրայատուկ սատարը բերելու անոր։ Պէտք էք, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, պահանջել վճռակամութեամբ յարգանքը ձեր պատմութեան ու կրօնական եւ մշակութային ինքնութեան։ Վստահ եմ, ընդգծեց Սրբազան հայրը, որ պիտի կարենաք պաշտպանել ձեր ինքնութիւնը համոզումով եւ ամենայն հպարտութեամբ։
Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը նոր դեսպանին ըսաւ մեծ ուրախութեամբ կը պատրաստուիմ այցելել ձեր հայրենիքը յառաջիկայ յունիսին։ Դեսպանը իր կարգին, իր արտասանած ճառին մէջ, ցաւ յայտնեց թէ եւրոպական Միութեան հիմնական վաւերաթուղթերու մէջ քրիստոնեական արժէքները պատշաճ տեղ չեն գտած։
Յայտնենք թէ Խրուաթիա կը հաշուէ 4,4 միլիոն , որուն բնակչութեան 80 տոկոսը կաթողիկէ են եւ 10ը օրթոտոքս։








All the contents on this site are copyrighted ©.