2011-04-12 12:29:57

Նախագահ Սերժ Սարգիսեան Կ՛ընդունի Չինաստանի Համայնավար Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը։


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Չինաստանի Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի քաղաքական գրասենեակի մնայուն անդամ Լի Չանչունի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ Հայաստան ժամանեց Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան հրաւէրով:
Ողջունելով հիւրերը` նախագահ Սարգսեան երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման տեսանկիւնէն կարեւոր նկատեց բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւնները: Նախագահ Սարգսեան ընդգծեց, որ Չինաստան միշտ ալ եղած է Հայաստանի յուսալի բարեկամն ու գործընկերը, եւ այդ պատճառով ալ Չինաստանի հետ յարաբերութիւններու խորացումը կը հանդիսանայ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր առաջնահերթութիւններէն մէկը:
Իսկ Չինաստանի իշխող կուսակցութեան ներկայացուցիչը նշեց, որ արդէն 12 տարիներէ ի վեր Չինաստանի Համայնավար կուսակցութիւնը սերտօրէն կը համագործակցի Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան հետ, ինչ որ կը նպաստէ նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց նաեւ Ասիական զարգացման դրամատան նախագահի տեղակալ Սիաոյու Ճաոն: Զրուցակիցները անդրադարձ կատարեցին Հիւսիս-Հարաւ երկաթուղիի կառուցման ծրագիրի նախապատրաստման գործին մէջ դրամատան հաւանական օժանդակութեան, գիւղատնտեսական ապրանքներու արտահանման խթանման համար անհրաժեշտ ենթակառոյցներու ստեղծման, ինչպէս նաեւ դրամատան կողմէ փոքր եւ միջին ձեռնակատիրութեան զարգացման աջակցութեան հարցերուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.