Նալբանդեանի Հանդիպումը ՄԻՆՍՔ-ի Խմբակի Համանախագահներուն Հետ։
Ապրիլ 11ին Երեւան ժամանեցին Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան
(ԵԱՀԿ) Մինսկի խումբի համանախագահներ Ռապըրթ Պրատքին (ԱՄՆ), Պեռնար Ֆա-սիէն (Ֆրանսա)
եւ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա): Համանախագահները այսօր պիտի մեկնին Լեռնային Ղարաբաղ, ուր
հանդիպումներ պիտի ունենան Արցախի Պետութեան ղեկավարներուն հետ: Ապա, համանախագահները
Ատրպէյճան պիտի մտնեն ազատագրուած տարածքներէն՝ Աղտամէն անցնելով Բարդա: Նշենք, որ
ԵԱՀԿ-ի մամլոյ ծառայութիւնը նախապէս յայտնած էր, որ համանախագահներու այցին նպատակն է
քննարկումները շարունակել հիմնական սկզբունքներու հիման վրայ՝ յենուելով Սոչիի հանդիպման
արձանագրած դրական տեղաշարժին վրայ: Երեւանի մէջ, երէկ, համանախագահները տեսակցեցան
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ եւ անոր հետ քննարկեցին Արցախեան
հիմնախնդիրի կարգաւորման ներկայ փուլին առնչուող շարք մը հարցեր: