2011-ը Հայ Մանուկի Տարին (Հռչակուած Արամ Ա.Վեհափառի Կողմէ) «Ոչ ոք իրաւունք
ունի հայ մանուկը զրկելու հայ դպրոցէն», հայ մանուկին իրաւունքն է հայկական դպրոց յաճախելը:
Մանուկներու իրաւունքներու ուխտի օրուան առիթով ՀԿՄ-ի «Յովհաննէս Պօղոսեան» սրահին մէջ,
Հայկական վարժարաններէ համախմբուած բազմաթիւ փոքրիկներու ուղղելով իր խօսքը` Գեղամ արք.
Խաչերեան դիտել տուաւ, որ հայոց պատմութեան ընթացքին հայ տղաքը միշտ քաջ եղած են` մեկնաբանելով
ձեռնարկին կարգախօսը նկատուած «Առողջ մարմին, արթուն միտք, ազնիւ հոգի» արտայայտութեան
իմաստը: Մեծապէս գնահատելով Հայ սեւ գօտիներու միութեան անդամ մանուկներուն կողմէ
ներկայացուած Քունկ ֆուի ելոյթները` առաջնորդ սրբազանը ողջոյնի եւ շնորհակալութեան խօսքեր
ուղղեց օրուան հիւրերուն, յատկապէս` Մանուկներու Իրաւունքներու ազգային խորհուրդի նախագահ,
լիբանանցի անուանի կին Գրագէտ Նուր Սալմանին: Դրուատելով Սալմանի գրական եւ մշակութային
ներդրումները` առաջնորդ սրբազանը յիշեց նաեւ անուանի գրողին մօր` Զահիա Սալմանի օգտաշատ
ներդրումը արաբական եւ յատկապէս լիբանանեան ընկերային-հասարակական մարզերուն մէջ: Հայ
աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Մարալ Տէյիրմենճեանը թուեց մանուկներու
իրաւունքները: Տէյիրմենճեան թելադրեց քաջ ըլլալ, ինքնավստահ ըլլալ եւ չծածկել կարգ մը
ծնողներու յանցագործութիւնները, երբ անոնք կը փորձեն ծեծել իրենց զաւակները: «Մենք իբրեւ
չափահասներ եկած ենք հաստատելու, թէ կը պաշտպանենք ձեզ: Չլռել, չընդունիլ եղած անարդարութիւնը
եւ չպաշտպանել յանցագործ մայրը: Դուք մեր ազգին ներկան ու ապագան էք, դո՛ւք պիտի ըլլաք
վաղուան մեր առաջնորդները», ընդգծեց Մարալ Տեյիրմենճեան: Իսկ Կարօ Քեպապճեան վերյիշեց
տասնամեակներ առաջ մտքին մէջ սեւեռած իր երազը` Քունկ ֆուի հայկական միաւորը հիմնելու:
Ան հակիրճ խօսքերով թուեց, թէ ինչպէ՛ս երկրէ երկիր շրջելով, մասնագիտանալով Քունկ ֆուի
մարզին մէջ, ի վերջոյ յաջողած է հիմնել Հայ Սեւ Գօտիներու միութիւնը: «Պէտք է ըլլաք քաջ,
առողջ միտքով, արթուն միտքով, բայց ազնիւ հոգիով, որովհետեւ այլապէս այդ քաջութիւնը կրնաք
սխալ ու գէշ բաներու եւ նպատակներու համար գործածել», ընդգծեց Քեպապճեան` դիտել տալով,
որ աշխարհ կը սիրէ հզօրները: «Տկարներն ու վախկոտները չեն սիրուիր, արթուն եղէք եւ առողջ
եղէք», շեշտեց Քեպապճեան: «Ձեր հոգին երբեք ձեզ չի դաւաճաներ, պահեցէք զայն ազնիւ», հաստատեց
Քեպապճեան` երանելի նկատելով այսօրուան մանուկները, որոնք կ՛ապրին ու կը տեսնեն ազատ
եւ անկախ Արցախի Հանրապետութիւնը: