2011-04-11 12:56:07

Քրիստոնեայ Իսլամ Գոյակցութիւնը Կարեւոր Տարածքներէն մէկն է Քրիստոնէական Վկայութեան Միջին Արեւելքէն Ներս` Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս


Արամ Ա. Կաթողիկոս Կաթողիկոսարանի Վեհարանէն ներս ընդունելով խումբ մը գերմանացի աստուածաբաններ ու հոգեւորականներ, շեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան կարեւորութիւնը. ՙնոր երեւոյթ մը չէ միաստուածեան կրօններու գոյակցութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս,- ըսաւ Վեհափառը,- դարերու վրայ տարածուած իրողութիւն մըն է ան: Նոյնիսկ շրջանի պատմութեան ամենէն դժուար պահերուն այս երկու կրօնները միշտ կառչած են իրենց խաղաղ գոյակցութիւնը պահպանող հասարակաց արժէքներուն ու սկզբունքներուն: Ճիշդ է, այսօր պայմանները հիմնովին փոխուած են. նոր մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուին քրիստոնէութիւնն ու իսլամութիւնը. սակայն անհրաժեշտ է, որ հասարակաց արժէքներ ու ուսուցումներ ունեցող այս երկու կրօններուն միջեւ գոյակցութիւնը, երկխօսութիւնն ու համակեցութիւնը աւելի ամրապնդուին՝ հեռու մնալով այնպիսի մտածողութիւններէ ու արարքներէ, որոնք կրնան հարցականի տակ առնել դարերու մէջ արմատացած միջ-կրօնական գոյակցութիւնը՚: Այս ծիրէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ դերին, յիշեցնելով, թէ պատմութեան ընթացքին իսլամութեան նկատմամբ հայ եկեղեցւոյ մօտեցումը եղած է խաղաղ գոյակցութեան պահպանումը՝ փոխադարձ յարգանքի ու իրաւունքներու ճանաչումով:
Վեհափառ Հայրապետը նաեւ ընդառաջելով ներկաներու փափաքին, ընդհանուր գծերով անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ պատմութեան ու առաքելութեան առնչուած շարք մը իւրայատուկ երեւոյթներու, ընդգծելով յատկապէս հին դարերէն ի վեր ժողովուրդին եկեղեցին ըլլալու եւ միջ-եկեղեցական երկխօսութեան մասնակից ըլլալու իրողութիւնը: Վեհափառը խօսեցաւ նաեւ Սփիւռքի մասին, եւ յատկապէս անդրադառնալով այդ ծիրէն ներս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան առաջնահերթութիւններուն:
Աւելի քան ժամ մը տեւող հանդիպման ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ արծարծեց ցեղասպանութեան հարցը եւ այդ գծով հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը:
Հանդիպումէն ետք, գերմանացի հիւրերը այցելեցին Կաթողիկոսարանի զանազան բաժանմունքները եւ աւելի մօտէն տեղեակ դարձան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան զանազան երեսներուն








All the contents on this site are copyrighted ©.