2011-04-11 12:55:15

Չինաստանի Եկեղեցւոյ Կեանքի Մասին Յանձնախումբի Ժողովը։


Չինաստանի եկեղեցւոյ կեանքի յատուկ յանձնախումբը հաստատուած է 2007ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի կամքով քննարկելու Չինաստանի եկեղեցւոյ կեանքին հայող կարեւոր հարցերը ։ 11-13 ապրիլ գումարուելիք ժողովը, չորրորդն է որ յանձնախումբը կը գումարէ Վատիկանին մէջ ։ 2011ի ժողովին նիւթն է. ''Չինաստանի հովուական կացութիւնը եկեղեցական գաւառներու մէջ'' կը հաղորդէ Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը։ Ժողովականները մասնաւորապէս պիտի դիմագրաւեն Աւետարանի քարոզութեան մարտահրաւէրը Չինաստանի ընկերային ու մշակութային ներկայ պայամաններու մէջ։
Յայտնենք թէ՝ Չինաստանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած ապօրինի եպիսկոպոսական օծումները ազգային եկեղեցւոյ կողմէ զայրոյթ պատճառած են Վատիկանին։ Ս. Աթոռը յաճախ բացայայտ կերպով դատապարտած է նման նախաձեռնութիւնները։ Նշենք նաեւ թէ այս խորհուրդի առաջին ժողովը գումարուած էր 2008-ի մարտ ամսոյն ընթացքին եւ ուսումնասիրած էր Սրբազան Քահանայապետին 2007ին յղած նամակը Չինաստանի Եկեղեցւոյ ։ Իսկ 2009-ի եւ 2010-ի տարեկան ժողովներու նիւթը եղած էր <<կղերի կազմաւորումը մարդկային, հոգեւոր, մտային, եւ առաքելական գետնի վրայ>>։
Յիշեցնենք թէ 2007-ի մայիս 27ին, Չինաստանի եկեղեցւոյ ուղղած իր նամակին մէջ Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց 24 մայիսը՝, Չինաստանի համար աղօթքի օր։ Արդարեւ 24 մայիսին կաթողիկէ եկեղեցին կը տօնէ Օգնական քրիստոնէից Տիրամօր տօնը։ Իր այդ նամակով սրբազան հայրը կը խնդրէ կաթողիկէ աշխարհէն որ աղօթեն Չինաստանի քրիստոնեաներու միութեան եւ համայն Չինաստանի ժողովուրդին համակեցութեան ու ներդաշնակութեան համար։ Նորին Սրբութիւնը Աստուածածինէն կը խնդրէ որ նեցուկ կանգնի դժուարութեան մէջ ապրող՝ քրիստոնեաներուն։ Նորին Սրբութիւնը կ`աղօթէ որ հաւատացեալները դժուարութիւններու մէջ իսկ, նշմարեն Աստուծոյ սիրալիր ներկայութիւնը։
Սրբազան հայրը Ս. Կոյս Մարիամէն կը խնդրէ որ նեցուկ կենայ քրիստոնեաներուն իրենց ամենօրեայ դժուարութիւններու մէջ, որպէսզի անոնք բնաւ չվախնան խօսելու Յիսուսի մասին։
Հուսկ Հռոմի պապը կ`աղօթէ որ Չինաստանի հաւատացեալները միացած մնան ժայռին՝ այսինք կաթողիկէ եկեղեցւոյ, եւ Շեշանի Տիրամօր կը յանձնէ Չինաստանի կաթողիկէները, որպէսզի Ինք՝ Տիրամայրը իր մայրական հովանաւորութեամբ՝ զանոնք առաջնորդէ ու լուսաւորէ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.