2011-04-10 12:31:46

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։


կիրակի 10 ապրիլ 2011. Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ որոնք համախմբուած էին Սուրբ Պետրոսի հրապարկը։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ` նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց`
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր`
Երկու շաբաթէն պիտի տօնախմբենք զատկուայ Յարութեան տօնը եւ այսօրուայ սուրբ գրային ընթերցումերը կեդրոնացած են յարութեան իմաստի վրայ։ Այսօրուան Աւետարանը կը պատմէ Ղազարոսի յարութիւնը։ Յիսուս կ՛ըսէ <<ես եմ յարութիւնը եւ կեանքը, ով որ հաւատայ ինծի, նոյնիսկ եթէ մեռնի` պիտի ապրի>>։ Ասիկայ նոր ճշմարտութիւն մըն է, Յիսուս կը յաղթէ մահուան. Ան կեանք է` յաւիտենական կեանք։
Կայ սակայն ուրիշ մահ մը` հոգեւոր մահն է` մեղքն է որ մարդուս գոյութիւնը կը խախտէ եւ որուն պատճառաւ Քրիստոս կրեց խաչը ու իր արիւնը թափեց մեզի համար ու մեզ արժանացուց յաւիտենական կեանքին։
Սիրելի եղբայրներ հայցենք Տիրամօր բարեխօսութիւնը որ օգնէ մեզի հաւատքով աղաղակելու <<այո` Տէր Կը հաւատամ որ դուն ես Քրիստոսը, Աստուծոյ Որդին։

Մարեմեան աղօթքէն ետք Նորին Սրբութիւնը, զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները ու հայցելով անոնց վրայ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը։ Բարի Կիրակի մաղթեց բոլորին:








All the contents on this site are copyrighted ©.