2011-04-10 10:58:29

Հայաստանի Հայորդեաց Կառոյցի Նորքի Մասնաճիւղի Երգչախումբը Կ՛այցելէ Զմմառու Վանք։


Հինգշաբթի, 7 ապրիլի յետմիջօրէին, Զմմառու վանք այցելեց Հայաստանի մայր Աթոռ սուրբ Էջմիածնի Հայորդեաց կառոյցի Նորքի մասնաճիւղի երգչախումբը, որ Լիբանան կը գտնուի Հայ Բարեգործական միութեան (ՀԵԸ) 80-ամեակի համերգին առիթով։ Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր տեսուչ-տնօրէն հոգեշնորհ Կոմիտաս վրդ. Յովհաննէսեան եւ կը բաղկանար 42 պատանիներէ։
Երգչախումբը նախ այցելեց Զմմառու վանքին եկեղեցին, ուր միաձայն երգեցին «Հայր Մեր» եւ «Սուրբ Աստուած» շարականները, ապա անցան վանքին թանգարանը, մատենադարանը եւ գինեմարանը։
Այցելութեան աւարտին, հոգեշնորհ հայր Կոմիտաս արձանագրեց հետեւեալ խօսքը վանքին յուշամատեանին մէջ. «Զմմառ միջնադարեան հայ ոգի եւ հոգի, ուր ծուատեալ հաւատակից եղբայրներ երազելիօրէն կը պահեն այն, ինչ աւանդուած է իրենց։ Աստուած թող պահէ ողջ լիբանանահայութեան եւ անոր հոգեւոր արժէքները։ Սրա կարեւոր մէկ մաս է կը պահպանուի այս գեղատեսիլ վանքի մէջ, ուր բնութեան եւ հոգեւոր արժէքներ միացուլուած են։ Տէ՛ր պահէ այն, ինչ արարած են, քո իսկ սպասաւորք»։








All the contents on this site are copyrighted ©.