2011-04-10 11:11:44

Կարտինալ Պանիասքոյի Պատգամը Իտալիոյ Սկաուտներու Պատասխանատուներուն։


Ասիզի քաղաքի մէջ տեղի ունեցաւ Իտալիոյ սկաւուտներու պատասխանատուներու խորհրդաժողովը (շուրջ 250 հոգիներ) որուն բնաբանն էր ''Դաստիարակիչին առաջին հարցումը պէտք է ըլլայ ես ո՞վ եմ''։
Իտալիոյ եպիսկոպոսական դասի նախագահը կարտինալ Պանիասքօ անոնց ուղղած պատգամին մէջ կոչ ըրաւ յոյսի ու հաւատքի ապարումին։ Ապա կարտինալը անմիջապէս շօշափեց երկու հիմնական հարցեր` անհատապաշտութեան ծաւալումը ընկերութեան մէջ, եւ հակազդելու կարեւորութիւնը այդ երեւոյթին մտածումի ու հաւատքի ապրումի միջոցաւ։
Կարտինալը մէջբերելով՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին խօսքը հրաւիրեց զանոնք տրամաբանութիւնը գործածել լաւագոյն կերպով ըմբռնելու աւետարանի խօսքերուն իմաստը։ Մենք ամէնքս կանչուած ենք պատասխան տալու Աւետարանի սա խօսքին, որ Յիսուս իր աշկերտներուն կը հարցնէ ''Դուք ինչ կ'ըսէք թէ ես ո՞վ եմ''։Հաւատալ կը նշանակէ պատասխանել այդ հարցումին։ Յիսուս ճշմարիտ պատասխան մը կ'ուզէ։ Կարտինալ Պանիասքօ հրաւիրեց ներկաները նմանելու Քրիստոսի եւ ապրելու Աւետարանի հոգիով։









All the contents on this site are copyrighted ©.