2011-04-09 13:13:40

Փղոսկրեայ Ափունք-ի Տագնապը Եւ Գարիթաս Կաթողիկէ Բարեգործականի Միջամտութիւնը։


՝՝Կ՝աղօթեմ զոհերուն համար եւ մօտ եմ բոլոր անոնց որոնք կը տառապին. Բռնութիւնը եւ ատելութիւնը միշտ պարտութիւններ են ։ Ասոր համար է որ նոր եւ սրտառուչ կոչ մը կ՝ուղղեմ խնդրոյ առարկայ բոլոր կողմերուն, որպէսզի սկիզբ տրուի խաղաղեցումի ու երկխօսութեան աշխատանքին,խուսափելով անդրագոյն արիւնահեղումներէ՝՝ ....այսպէս արտայայտուեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ.Սրբազան Քահանայապետը 6 Ապրիլի Ընդհանուր Ունկնդրութեան ընթացքին,ակնարկելով Փղոսկրէ Ափունքի եւ Լիպիայի ժողովուրդներուն։
Վերջերս Փղոսկրէ Ափունքի մէջ սաստկացաւ մարդկայնական տագնապը,սկիզբ առած 2010-ի 28 Նոյեմբերի ընտրութիւններէն ետք,որու արդիւնքները բանակռիւներու պատճառ եղան
երկրի ներկայ նախագահի եւ նոր-ընտրեալ նախագահի միջեւ,տեղի տալով ընդհարումներու եւ բռնութեանց երկրին մէջ,պատճառ դառնալով հազարաւոր զոհերու, առնուազն 300.000 հոգիի ներքին տեղահանութեան, 100.000 փախստականներու դէպի Լիպէրիա եւ Կըվինէա,ինչպէս նաեւ այլ 2.000 հոգիի փախուստին՝ Կանա։

Փղոսկրէ Ափի Եկեղեցին անմիջապէս գործի լծուեցաւ ,տեղահանուած ժողովուրդին օգնութեան հասնելու համար։ Շուրջ 45.000 քաղաքացիներ պատսպարուեցան եկեղեցիներու,տաճարներու եւ ժողովրդապետութիւններու մէջ,ամբողջ երկրի տարածքին,որոնք օգնութիւն կը ստանան նախնական անհրաժեշտ առարկաներով ու նաեւ հարկաւոր սննդական օժանդակութեամբ ։

Փղոսկրէ Ափունքի Գարիթասը գործացկութեամբ միջազգային ցանցին 1 միլիոն էուրօ-ի անմիջական օժանդակութեան կոչ մը արձակեց ի նպաստ 23.000 տեղահանուած բնակչութեան եւ ի նպաստ այն 3.000 անձերուն որոնք Լիպէրիայի եւ Կըվինէայի սահմանագծին վրայ,ու ապա Ապիճանի եւ Ապովիլլէ-ի մէջ կը հիւրասիրեն այդ դժբախտ բնակիչները Փղոսկրէ Ափունքի։
Գարիթասի այս ծրագիրը պիտի գործադրուի երեք ամսուայ տեւողութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.