2011-04-09 13:14:06

Երեք Եպիսկոպոսներ Ու Երկու Անչափահասներ Հռոմի Մէջ Կը Ներկայացնեն ՜՜Եուքաթ` Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Անչափահասներու Կրօնագիրքը՝՝։


Այս կրօնագիրքը թարգմանուած՝ անչափահասներու բառբարով, մամուլին պիտի ներկայացուի յառաջիկայ 13 ապրիլին Վատիկանի մէջ։ Եուքաթ` Անչափահասներու կրօնագիրքը երիտասարդներուն պիտի բաշխուի մատրիտի երիտասարդութեան համաշխարհային հաւաքին ընթացքին, եւ որուն յառաջաբանը կը կրէ ստորագրութիւնը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին։ Եուքաթա կրօնագիրքը պատրաստուած է աշխարհականներու եւ նոր աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդներու նախագահներու կողմէ, Վիեննայի առաջնորդ կարտինալէն ու երկու աշխարհականներէն։ Յառաջաբանին մէջ Սրբազան քահանայապետը կը բացատրէ թէ Եկեղեցին աշխատեցաւ թարգմանել կաթողիկէ եկեղեցւոյ կրօնագիրքը անչափահասներու բառբարով, նկատի ունենալով նոր սերունդի միջեւ գոյացող տարբերութիւնները, եւ յոյս յայտնելով որ բազմաթիւ երիտասարդներ հրապուրուին այս գիրքէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.